Պէյրութի «Պըրժ ալ պարաժինա» թաղամասին մէջ պայթում մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։
Մեր ունեցած տուեալներով պայթումը եղած է Պըրժ ալ պարաժնէ թաղամասի շէնքերէն մէկուն ներքնայարկին մէջ եղող մետաղեայ տակառներու գործարանին մէջ, որուն հետեւանքով զոհուած են հինգ անձեր։
Կը նշուի նաեւ, որ զոհուածներու թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ գործարանի սեփականատէրը, որ Ալ Շամի ընտանիքէն էր նոյնպէս զոհուած է։