image

Մեծ պայթում մը ցնցած է Խաչփառ գիւղը

Մեծ պայթում մը ցնցած է Խաչփառ գիւղը

Հոկտեմբեր 29-ին, խոշոր պայթում տեղի ունեցած է Արարատի մարզին մէջ։ Ժամը 18։50-ի սահմաններուն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Մասիս խոշորացուած համայնքի Խաչփառ վարչական բնակավայրին մէջ գործող կազալցակայանի մէջ ինքնաշարժ մը պայթած է։

Այս մասին կը գրէ Shamshyan.com-ը։

Դէպքի վայրին մէջ պարզուած է, որ պայթումը տեղի ունեցած է կազալցակայանի լիցքաւորման սարքին մօտ։ «Opel» մակնիշի ինքնաշարժը ամբողջութեամբ վերածուած է մետաղի ջարդոնի, իսկ կազալցակայանին պատճառուած է խոշոր նիւթական վնաս։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ բարեբախտաբար, տուժածներ չկան։

Դէպքի առնչութեամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։ Կը պարզուին կազալցակայանի եւ պայթած «Opel» ինքնաշարժին սեփականատէրերուն ինքնութիւնները։