image

Հնդկաստան արգելք դրած է Ատրպէյճանի՝ որպէս հիւր, մասնակցութեանը ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին

Հնդկաստան արգելք դրած է Ատրպէյճանի՝ որպէս հիւր, մասնակցութեանը  ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին

Հնդկաստանն արգիլած է Ատրպէյճանի՝ որպէս հիւր, մասնակցութիւնը ՊՐԻՔՍ-ի յառաջիկայ գագաթաժողովին։ Այս մասին Twitter-ի էջին գրած է յոյն լրագրող Փոլ Անթոնոպուլուսը։

«Ատրպէյճանն այնքան թշնամական չէ Հնդկաստանի նկատմամբ, որքան Յունաստանի նկատմամբ, բայց անոնք զէրոյական հանդուրժողականութիւն ունին բռնատէրերու նկատմամբ։ Մինչդեռ Յունաստանի կառավարութիւնը կը ձեւացնէ, թէ Ատրպէյճանը լիպերալ հակաթոյն է Ռուսիոյ համար»,- գրած է Անթոնոպուլուսը։

Այս տարի Պաքուն ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին հիւր ըլլալու հրաւէր ստացած էր, որու անդամներն են Պրազիլի, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Հարաւային Ափրիկէն։ Ատրպէյճանի մասնակցութեան դրականօրէն արձագանգած են Մոսկուան, Փեքինը, Փրեթորիան, Պրազիլը, սակայն Նիւ Տելհին դէմ հանդէս եկած է։