image

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը փառաւորապէս նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը փառաւորապէս նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան՝ Կիրակի 16 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90ամեակի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը, որ կը կրէր «Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով դէպի 100ամեակ» կարգախօսը:

ՀՄԸՄի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Յառա՛ջ Նահատակ» քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան: Ան դիտել տուաւ, որ տարիներ առաջ ծնունդ առած ՀՄԸՄը իր առաքելութեան հաւատարիմ` շարունակեց  իր երթն ու գործունէութիւնը` հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն,  նպատակ ունենալով կերտել տիպար հայ քաղաքացիներ, որոնք գիտակից են իրենց կոչումին ու պարտականութիւններուն:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով սկաուտները ներկայացուցին երգեր, նուագ, պար, նաեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անցնող 90 տարիներու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ֆուատ Մուրատեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ պաշտօնական սոյն հանդիսութեամբ իր աւարտին կը հասնի մասնաճիւղի 90ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքը, սակայն երթը կը շարունակուի, որպէսզի նուիրումի ջահը, հաւատքի դրօշակը փոխանցենք 100-ամեակի սերունդին:

Օրուան պատգամը յղեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան, որ կրկնակի տօն նկատեց այդ օրուան նշումը, որովհետեւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը 16 Նոյեմբերը նաեւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան տարեդարձն է, իսկ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը նոյն օրը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90ամեակը:

Աւագեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի յաջողութիւններուն, անոր երդիքին տակ կազմաւորուած ՀՄԸՄականներուն, որոնք բարձր դիրքերու տիրացած են, շքանշանակիրներ դարձած, համահայկական խաղերու մասնակցութիւն բերած, Սփիւռքի տարածքին պատասխանատու դիրքերու նուաճած` հաստատելով, որ ՀՄԸՄի Լիբանանի սկաուտական նուագախումբը սկսած է Պուրճ Համուտի մասնաճիւղով, ԼԵՎԱՄի նախաքայլը հանդիսացող միջվարժարանային առաջին խաղերը եւս, 1963ին, սկսած են նոյն մասնաճիւղով:

«Երբ արդի արհեստագիտութիւնը նոր սերունդը կը հեռացնէ ծնողական, ընկերային եւ ազգային իր շրջանակէն, երբ համաշխարհայնացած աշխարհը կը քանդէ ազգային ամէն արժէք, կառոյց եւ ըմբռնում, երբ մարդկային ազատութիւններու եւ իրաւունքներու անունով մէջտեղ կը նետուին ընկերային տեսակ-տեսակ այլանդակութիւններ, երբ նիւթապաշտ ու մեքենապաշտ աշխարհի կեղծ արժէքները նորահաս սերունդը կը պարպեն ոգիէ, երազէ եւ ձգտումէ ու երբ մոլութիւնները, յոռի բարքերը եւ այլասերումը կը թակեն մեր անմիջական մօտիկներուն դռները, ՀՄԸՄը իր մթնոլորտը իբրեւ շաղախ ունենալով` մասնիկները իրարու կը միացնէ, նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները քով քովի կը բերէ, բոլորին սիրտերը իրարու կը կապէ,  կամքերը իրարու կը միացնէ, անհատականութիւնները հաւաքականութեան կը վերածէ», հաստատեց Վիգէն Աւագեան:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ֆուատ Մուրատեան յուշանուէր մը յանձնեց մասնաճիւղի ֆութպոլի բարերար Շանթ Շէկեանին:

Ապա տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն: ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշաններ յանձնեց մասնաճիւղին մէջ երկար տարիներու վաստակ ու ներդրում ունեցող միութենականներ` Պաղտասար Յարութիւնեանին, Րաֆֆի Քէշիշեանին, Կարապետ Աբրահամեանին (դուստրը ստացաւ), Սեպուհ Թօփալեանին, Գօգօ Քէշիշեանին, Հրայր Ֆերմանեանին եւ Յովիկ Պիլեմճեանին:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան բացատրեց, որ ՀՄԸՄը ունի երեք շքանշաններ` «Արտակարգ», որ կը տրուի ՀՄԸՄի յատուկ ծառայութիւն մատուցած անհատներու, որոնք նոյնիսկ կրնան ՀՄԸՄական չըլլալ, «Ծառայութեան», որ կը տրուի անհատի մը ծառայութեան ժամանակաշրջանի համապատասխան, իսկ գերագոյն շքանշանը «Արժանեաց» շքանշանն է, զոր քիչեր ունին եւ կը տրուի այն անձերուն, որոնք կեանք մը մաշեցուցած են ՀՄԸՄի մէջ եւ առ ի գնահատանք այդ երկարամեայ ծառայութեան` ստացած են այս շքանշանը: Խաչերեան հաստատեց, որ շքանշանները ունին իրենց կանոնակարգը, սակայն յատուկ կարգադրութեամբ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի առաջարկը նկատի ունենալով՝ Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց կանոնակարգէն դուրս «Արժանեաց» շքանշանի տուչութիւն կատարել երկու ՀՄԸՄականներու, որոնք իրենց կեանքի կարճ ժամանակամիջոցին ծառայեցին ՀՄԸՄին, հայ ազգին, անոր տենչերուն, Դատին եւ գիտակից մահով իրենց կեանքը զոհաբերեցին ի շահ հայութեան: Սիմոն Եահնիեան եւ Վիգէն Զաքարեան, որոնց շքանշանները յանձնուեցան անոնց քոյրերուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի «Պահպանիչ»ով:

Թատերասրահի մուտքին այս առիթով ցուցադրուած էին ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հարուստ արխիւները: