image

«Հիմնական արդիւնքը միջանցքի փակ ըլլալու մասին արձանագրումն էր». Փաշինեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան

«Հիմնական արդիւնքը  միջանցքի փակ ըլլալու  մասին  արձանագրումն էր». Փաշինեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 16 օգոստոսի  տեղի ունեցած քննարկման հիմնական արդիւնքն այն է, որ միջազգային ատեանին մէջ ընդգծուեցաւ միջանցքի փակ ըլլալը։ Կառավարութեան 17 օգոստոսի նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Մի գուցէ տարօրինակ թուայ, որ սա արձանագրում եմ որպէս քննարկման արդիւնք, բայց Ադրբեջանն անընդհատ ու շարունակաբար պնդում է, թէ միջանցքը փակ չէ»,- ըսած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ երկրորդ արդիւնքն այն է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստը հաստատած է մարդասիրական ճգնաժամի առկայութիւնն ու այն, որ 120 000 մարդու կեանքն ու անվտանգութիւնը դրուած են կասկածի տակ։ Փաշինեան նաեւ շեշտած է, որ նիստին ընդգծուած է, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ Լաչինի միջանցքով անձերու, փոխադրային միջոցներու ու բեռներու անարգել, երկկողմանի շարժի ապահովման վերաբերեալ որոշումը Ատրպէյճանի կողմէ չէ կատարուած։

«Ճշմարտութիւնը Լաչինի միջանցի ապօրինի արգելափակման վերաբերեալ բարձրաձայնուած է ու ԱԽ-ում հաւաքական կոչ է հնչել վերացնել Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։ Ի հարկէ, այս կոչը իրագործուած չէ ու 400 տոննա (թոն) հումանիտար (մարդասիրական) բեռը սպասում է Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի հնարաւորութեանը»,- ըսած է վարչապետը։

Փաշինեան նկատել տուած է՝ Ատրպէյճան մէկ կողմէ արգելափակած է 100 թոն ալիւրի մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ, միւս կողմէ թոյլ չի տար, որ ղարաբաղցիները իրենց ցանած հացահատիկը հաւաքեն՝ ալիւր ունենալու համար․ «Սա փաստ է, որ հիմնաւորում է հետեւեալ թէզը՝ Ադրբեջանը ԼՂ-ի հայութեանը սովահարութեան միջոցով ցեղասպանութեան է ենթարկում»,- յայտարարած է Փաշինեան։