image

ՀՀ- Քաղաքացիներուն համար այսուհետեւ դէպի ԱՄԷ առանց մուտքի արտօնագրի

ՀՀ- Քաղաքացիներուն համար այսուհետեւ դէպի ԱՄԷ առանց մուտքի արտօնագրի

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւններու միջեւ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագրի պահանջի վերացման մասին համաձայնագրի կնքման առաջարկութեան։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Կառավարութեան հերթական նիստին hարցը ընդգրկուած էր օրակարգի չզեկուցուող նախագծերու մէջ։

Նախագծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ դեռ 2017 թուականին մեկնարկած էր Էմիրութիւններու հետ մուտքի արտօնագրի ազատականացման գործընթացը: 

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 2017թ. յունուարի 19-ի թիւ 24-Ա որոշմամբ համաձայնութիւն էր տուել «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների կառավարութեան միջեւ քաղաքացիների մուտքի արտօնագրի պահանջի վերացման մասին Համաձայնագրի» կնքման առաջարկութեանը, որից յետոյ, սակայն, գործընթացը կանգ էր առել: 

Այժմ գործընթացը վերսկսուել է եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձանց մուտքի արտօնագիր ստանալու պահանջից ազատելու մասին 2009 թուականի յունիսի 21-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրում լրացումներ կատարելու մասին» Արձանագրութեան ստորագրման արդիւնքում կապահովուի ՀՀ քաղաքացիների ազատ մուտքը ԱՄԷ՝ խթանելով առաջին հերթին զբօսաշրջիկների հոսքերի աւելացմանը։ Մուտքի արտօնագրի պահանջից ազատումը ամուր հիմք կը ստեղծի գործարար եւ տնտեսական կապերի աշխուժացման համար, ինչն իր հերթին կը նպաստի ներդրումային եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնմանը։ Նշեալ յուշագրում լրացումներ կատարելու մասին արձանագրութեան ստորագրումը զարկ կու տայ միջմարդկային շփումներին ու միջմշակութային կապերին՝ նպաստելով երկու ժողովուրդների միջեւ մշակութային երկխօսութեանը»,-գրուած է նախագծի հիմնաւորման մէջ։ 

Նախագծի հիմնաւորման մէջ նաեւ նշուած է, որ 2022 թուականի դեկտեմբերին ստորագրուած է «ԱՄԷ-ում ՀՀ քաղաքացիների աշխատանքային գործունէութեան կանոնակարգման մասին» փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումը։ Այս երկու փաստաթուղթերու արդիւնաւէտ կիրարկումը կը շահագրգռէ էմիրաթցի գործատուները իրենց գործունէութեան ոլորտին մէջ աւելի մեծ թուով ՀՀ քաղաքացիներ ներգրաւելը։ 

Ելլելով վերոգրեալից եւ «Միջազգային պայմանագրերի մասին» օրէնքի 7-րդ յօդուածի հիմքով՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նպատակայարմար կը համարէ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձանց մուտքի արտօնագիր ստանալու պահանջից ազատելու մասին 2009 թուականի յունիսի 21-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրում լրացումներ կատարելու մասին» Արձանագրութեան ստորագրումը։