image
Հրատապ լուրեր:

«Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» միութեան նախաձեռնութեամբ «Հանդիպում» նախագիծը կեանքի կը կոչուի

«Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» միութեան նախաձեռնութեամբ «Հանդիպում» նախագիծը կեանքի կը կոչուի

Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան կազմակերպած «Հանդիպում» փառատօնի երկրորդը արդէն ընթացքի մէջ է Պոլսոյ մէջ։ Արեւմտահայերէնի շուրջ կեդրոնացած այս նախաձեռնութիւնը, CultureCivic-ի աջակցութեամբ, կը ներառէ շուրջ 50 ձեռնարկ եւ կը նպատակադրէ կեանք տալ լեզուին՝ իր ծնունդ առած միջավայրին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» միութիւնը 1-31 Մարտին Իսթանպուլի մէջ կը կազմակերպէ «Հանդիպում» խորագրով երկրորդ փառատօնը, փորձելով արեւմտահայերէնը դարձնել կենդանի հաղորդակցութեան տարածք, նաեւ մէկտեղելով ո՛չ միայն հայ համայնքը, այլեւ Իսթանպուլի մշակութասէր հասարակութիւնը։

Այս նպատակով երէկ, 26 Փետրուարին Խմբագրատուն այցելեցին Եսայեան միութենէն Նարօտ Աւճը եւ Ժպիտ-Լոյս Կէզէր։ Երկուքն ալ Կեդրոնականէ շրջանաւարտ երիտասարդուհիներ, որոնք այս նախագծի կազմակերպիչ խումբին մէջ են եւ ամիսներէ ի վեր, իրենց միւս գործակիցներուն հետ կ'աշխատին ծրագիրներու նախապատրաստութեան համար։

Զրոյցը կայացաւ թերթիս հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ։

Մեր հիւրերը ամփոփ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներու մասին, յատկապէս ընդգծելով որ «Հանդիպում»ի անցեալ տարուայ 25 ծրագիրներէն ոգեշնչուելով, այս տարի աւելի մեծ խանդավառութեամբ գործի լծուեցան։ Շուրջ 50 գաղափար առաջարկուեցաւ ու մինչ կը կարծէին որ անոնցմէ ոչ-բոլորը պիտի ընդունուին, որոշուեցաւ բոլոր առաջարկ-ծրագիրները կեանքի կոչել։ Այս կերպով Մարտ ամսուան բոլոր օրերը «գրաւուած» են նախագծի բազմաբնոյթ ձեռնարկներով։

Ժպիտն ու Նարօտը անդրադարձան միջոցառումներէն մէկ քանիին, ապա յանձնեցին միջոցառումներու ժամանակացոյցով թերթիկն ու մամուլի համար պատրաստուած տեղեկատուն։ Այսպէս՝

Փառատօնը կը համախմբէ մօտաւորապէս 50 ձեռնարկ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ, շարժանկարի ցուցադրութիւններ, պարային եւ թատերական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կրթական աշխատանոցներ։ Անցեալ տարուան մեծ արձագանգէն ետք, այս տարի ծրագիրը աւելի բովանդակալից է եւ աւելի մեծ միջազգային մասնակցութիւն կ'ապահովէ։

Առանցքայինը՝ կրթական եւ լեզուական ծրագիրներն են, որոնք պիտի իրականանան համայնքային 18 վարժարաններու մէջ։ Ֆրանսայէն ժամանած Անահիտ Սարգսեան պիտի շարունակէ երախաներու հետ արեւմտահայերէնի աշխատանոցները ու Իսթանպուլէն Թինա Քոփմա «ՓիլիՊարտէզ» փիլիսոփայական աշխատանոցով պիտի աշխատին աշակերտներու հետ։ Անգլիայէն Լեռնա Պապիկեան եւս կը միանայ ծրագիրին՝ հայոց այբուբենը պարի հետ համադրող իր ինքնատիպ աշխատանոցով։

«Հանդիպում-2026»ը կը հիւրընկալէ Ֆրանսայէն, Փորթուգալիայէն, Հայաստանէն եւ Յունաստանէն ժամանած արուեստագէտներ, որոնք զանազան օրերուն, բեմ պիտի ելլեն քաղաքիս զանազան կեդրոններուն մէջ։

Փառատօնի ծիրէն ներս քաղաքիս մէջ պիտի հիւրընկալուի բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան. ան հանդէս պիտի գայ երկու ձեռնարկով։ 27 Մարտին պիտի սփռուին իր երկու ժապաւէնները՝ հրապարակային ասուլիսով միասին, իսկ 29 Մարտին նախատեսուած է այցելութիւն Պուրսայի Սէօլէօզ գիւղ, ուր բեմադրիչը պիտի պատմէ իր ժապաւէններու յիշողութեան ու վերադարձի պատմութիւնը՝ տեղւոյն վրայ։

Փառատօնի բացման պարային ծրագրին պիտի մասնակցի «Ժպիտ-Լոյս Կէզէր» խումբը ներկայացնելով հայկական աւանդական պարեր, իսկ 23 Մարտին, Միհրան Թովմասեան պիտի վարէ պարային աշխատանոց մը։

«Հանդիպում»ի շրջանակին մէջ «Մէյտան» անունով ցուցահանդէս մը պիտի գործէ 3-28 Մարտ թուականներուն, «Թիւթիւն տեփօ» կեդրոնին մէջ։ Ցուցահանդէսը կը միաւորէ եօթը ժամանակակից հայ արուեստագէտներու գործեր եւ բաց պիտի ըլլայ ամէն օր (բացի Կիրակիէ եւ Երկուշաբթիէ)՝ անվճար մուտքով։

Հարկաւ բոլոր ծրագիրները կեանքի կոչելու համար պէտք կայ նիւթական աջակցութեան։ «Եսայեան» միութեան «Հանդիպում» փառատօնը կ'իրականանայ Եւրոմիութեան «Քալչըրսիվիք» մշակոյթի ու արուեստի աջակցութեան ծրագրի շրջագծով ու կը վայելէ Եւրոմիութեան դրամական հովանաւորութիւնը։ Այս հանգամանքը կը շեշտէ նախաձեռնութեան միջազգային արժեւորումն ու արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու զարգացման ուղղեալ ռազմավարական նշանակութիւնը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։