image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ դեսպանը և Ռուսիոյ ԱԳ փոխնախարարը քննարկած են երկկողմ  յարաբերութիւնները 

ՀՀ դեսպանը և Ռուսիոյ ԱԳ փոխնախարարը քննարկած են երկկողմ  յարաբերութիւնները 

 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին հանդիպած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գուրգէն Արսէնեանի հետ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմ յարաբերութիւններու արդիական հարցերու շուրջ՝ նկատի ունենալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները։

Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ համատեղ աշխուժ աշխատանքի կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս՝ առեւտրատնտեսական եւ մշակութային, մարդասիրական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ համարկման ձեւաչափերու ծիրէն ներս համագործակցութեան հարցերուն շուրջ։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման պարունակին մէջ, ինչպէս նաեւ «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակին գործունէութեան։

Նշուած է, որ հանդիպումը անցած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ։