Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ մայիս 9-ին, Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին։
Ղեկավար անձինք, ինչպէս նաեւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններ, ծաղիկներ խոնարհած են Անյայտ զինուորի յուշարձանին ու անմար կրակի մօտ՝ ոգեկոչելով ֆաշիզմի դէմ մղուած պայքարին մէջ հերոսաբար ինկածներու յիշատակը։