image

...Որպէսզի մեր սահմանի բնակիչներ ապահով ձմեռ մ՚ունենան

...Որպէսզի մեր սահմանի բնակիչներ ապահով ձմեռ  մ՚ունենան

Այս երկտողս ուղղուած է

մեր դպրոցի ծնողներուն

ըսելիքս գաղտնիք մը չէ

բոլորը կրնան կարդալ

եթէ ժամանակը ունենան

մաղթանքներու ամիսն է

երեխաներուն հետ

օրական կը կրկնենք՝

առողջ ըլլաս, հիւանդ չըլլաս, ցաւ չունենաս

ուրախ ըլլաս, տխուր չըլլաս, արցունք չունենաս

բախտաւոր ըլլաս, անբախտ չըլլաս, սեւ օրեր չունենաս

եւ

առատաձեռն ըլլաս՝ ձեռնառատ, կծծի չըլլաս

ահաւասիկ

առատաձեռնութիւնը մեր ծնողներուն

նախ

կուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել

երկու սիրելի աշխատակիցներուս եւ իմ կողմէս

ապա առաջարկս՝ երեքիս կողմէ

յանցաւոր կը զգանք

երեքս ալ

երեք մարիամներս

մեր համով հրուշակը

մեր երեխաներն են

կը հասկնամ կուզէք անպայման

ձեր երախտագիտութիւնը յայտնել

սակայն կան ուրիշ միջոցներ

մեր ստացած տուրմի տուփերուն փոխարէն

եթէ լումաները 

զընգոցով կամ առանց զընգոցի

իյնային մեր փոքրիկ գանձանակին մէջը

այսօր 

սահմանային գիւղի մը մէջ

երեք ընտանիք

ապահով ձմեռ մը կունենային

կամ տաղանդաւոր նկարիչ ուսանող մը

իր իւղաներկերուն գումարը

իմ սխալս էր

կընդունիմ

սակայն եթէ սկիզբէն առաջարկէի

պիտի ըսէիք՝

աս ալ տեսանք

ինք իր բերնով

նուէր կը պահանջէ

սակայն այսօր

այս ճոխութեան մէջ խեղդուած

կամչնամ

կամչնանք երեքս ալ

երեք մարիամներս

կը խնդրեմ

կաղաչեմ

համաձայն գտնուեցէք

եկէք համաձայնինք 

այսուհետեւ

Ամանորին

եւ Ամավերջին

ծաղկեփունջի եւ տուրմի տուփերուն գումարը

շիփ շիտակ

մեր գանձանակին մէջը

եթէ ոչ

ծաղիկները 

նուիրողին մազերուն մէջ պիտի շարեմ

շոքոլաթն ալ

հելէ մտածեմ 

թէ ինչ կընեմ

 

 

Անահիտ Իշխանուհի

 

 Լուսանկարը՝  Անահիտ  Իշխանուհին եւ բանաստեղծուհի ՝ Սոնիա-Սանան