Նամականիշին վրայ բժշկական հագուստով մարդը գործիքով քիմիական ախտահանման կ'ենթարկէ Արցախը հայերէն՝ բացայայտօրէն այն ներկայացնելով որպէս «կեղտ»։
Պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քարոզչութիւնը հետեւողականօրէն կ'իրականացուի տարիներ շարունակ։ Այդ թշնամանքի քարոզի ու կազմակերպուած հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք են այն դաժանութիւններն ու խոշտանգումները, որոնք կատարած են պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողները էթնիք հայերու նկատմամբ։
Այս ամէնու խորքային պատճառները հիմնաւորուած են Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու համատեղ հրապարակային զեկոյցի ապացոյցներով ու վերլուծութեամբ («Ատրպէյճանում կազմակերպուած ատելութեան խօսքը եւ թշնամանքն էթնիք հայերի նկատմամբ` որպէս ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից էթնիք հիմքով խոշտանգումների եւ անմարդկային վերաբերմունքի արմատական պատճառներ»):