«Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ երէկ գիշեր նորածին մահացած է։
Նոյեմբեր 10–ի գիշերը ժամը 03:00-ի սահմաններուն Աստղիկ բժշկական կեդրոնի ծննդատուն տեղափոխած են 27-ամեայ յղի կին մը, որու մօտ առաջացած են ծննդաբերական ցաւեր։ Քանի մը ժամ ետք բժիշկները ծննդկանի հարազատներուն ըսած են, որ նորածինը մահացած է։
«Դէպքի առթիւ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ բուժաշխատողի կողմից մասնագիտական պարտականութիւնները չկատարելու կամ ոչ պատշաճ կատարելու յատկանիշներով»,– յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:
Լուրը՝ «Արմլուրը»էն