image

Հայկ Մարութեան պիտի մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն

Հայկ Մարութեան պիտի մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, դերասան Հայկ Մարութեանը պիտի մասնակցի 17 սեպտեմբերին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։

Այս մասին ան տեսաուղերձով յայտնած է իր դիմատետրեան էջին միջոցաւ։

Հայկ Մարութեանը նշած է, որ վերջին շրջանին տարբեր վայրերու մէջ իրեն կը մօտենան քաղաքացիներ եւ կը հարցնեն՝ արդեօ՞ք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը։

Նախկին քաղաքապետն ալ ի պատասխան քաղաքացիներու հարցերու նշած է՝ «Պատասխանս միշտ նոյնն է՝ դեռ չեմ որոշել»։

Նախկին քաղաքապետը նաեւ յայտնած է, որ քաղաքացիները յաճախ իր քաղաքականութիւն մտելու մասին ըսած են․ «Ինձ ասում են՝ Հա՛յկ ջան, բա քեզ պէ՞տք ա, առօք-փառօք ապրում ես»։

Ան վստահեցուցած է, որ չի կրնար երջանիկ ըլլալ, երբ համայնքն ու երկիրը երջանիկ չեն։ Հետեւաբար` չի կրնար անտարբեր մնալ ու չպայքարիլ ժողովուրդի ապագայի համար։

«Եթէ դա չանենք մենք, դա անելու են այն մարդիկ, ովքեր առաջնորդւում են միայն իրենց սեփական եւ խմբակային շահերով, ովքեր թքած ունեն, ընդ որում` այս անգամ ոչ միայն փոխաբերական, այլ նաեւ ուղիղ իմաստով, մարդկանց, ժողովրդի եւ պետութեան շահերի վրայ։ Հետեւաբար յայտարարում եմ, որ իմ թիմի հետ մասնակցում եմ ընտրութիւններին»,–ըսած է ան

«Մեր թիմը չունի մեծ գումարներ, սեփական օլիգարխներ, լրատուամիջոցներ, վարչական լծակներ։ Մեր միակ հարստութիւնը դուք էք, երեւանցիներ։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր քաղաքի բախտը չեն կարող որոշել ինչ-որ անհասկանալի եւ պատահական մարդիկ, միակ որոշողը դուք էք»,- իր դիմատետրեան էջին տեղադրուած տեսանիւթին մէջ յայտարարած է ան։

Հայկ Մարութեանը պիտի գլխաւորէ «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը, կը տեղեկացնէ կուսակցութեան դիմատետրի էջը։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 սեպտեմբերին։