1.Հուն եւ կամուրջ
Կամուրջը բոլորդ գիտէք, սակայն «հուն»-ն ալ գիտէի՞ք... դատեցէք ինքներդ:
Բուն իմաստով՝ հուն-ը հոսուն ջուրի մը, ըսենք՝ գետի մը, այն կէտն է կամ կէտերէն մէկն է, ուր անոր երկու ափերը շատ մօտ են իրարու, այնքան մօտ, որ կարելի է ոտքով դիւրաւ անցնիլ՝ մինչեւ իսկ առանց թրջուելու:
Շաւարշ Նարդունի ունի գեղեցիկ խօսք մը. ան կ’ըսէ՝
--Հուն մը կը փնտռեմ, որ գետը անցնիմ:
Հնդեւրոպական pons, pont, ponte[1] բառն է այս, որ արեւմտեան արդի լեզուներուն մէջ կը նշանակէ անցք, ճամբայ, կամուրջ: Այսպէս է, քանի որ կամուրջ կառուցողը կը փնտռէ ջուրին, որքան կարելի է, ամենակարճ, ամենանեղ կէտը, այլ խօսքով՝ հունը, միւս կողմէ՝ կամուրջը ինք ալ կը ծառայէ նոյն նպատակին: Ահա թէ ինչու հուն եւ կամուրջ հոմանիշ դարձած են, ընդհուպ նոյնացած են:
Նոր Հայկազեանը ունի պայթում եւ պայթիւն, սակայն շատ յստակ սահմանազատած չէ ասոնք, քանի շփման եզրեր կը ձգէ պայթում-ին, որ պայթելու արարքն է, եւ պայթիւն-ին, որ պայթումին հետեւանքով յառաջացած ձայնը, աղմուկն է: Կարելի է ըսել՝ ամէն պայթումի կը հետեւի, կ’ընկերանայ, կը համապատասխանէ պայթիւն մը:
Այս շփոթը չէ փարատած Ռուբէն Ղազարեանի գրաբարի բառարաններուն մէջ եւս, ուր, օրինակ, կը գտնենք. «պայթումն – պայթելը, պայթիւն»,−այլ խօսքով՝ պայթումը կը հաւասարեցնէ պայթելու գործողութեան եւ աղմուկին հետ:
Այս շփոթը չէ փարատած ո՛չ Մալխասեանի, ո՛չ Ակադեմիայի, ո՛չ Աղայեանի բացատրական բառարաններուն մէջ. ոչ ալ... Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանին մէջ: Այս վերջինը կը գրէ. « պայթիւն − պայթուցիկ նիւթի կործանարար ուժով պայթելը». նկատել՝ պայթիւն = պայթելը:
Ահա այս համատարած շփոթի հետեւանքով ալ կը գրուին վերը բերուածի նմանութեամբ նախադասութիւններ, ուր մարդիկ կը մեռնին... պայթիւնի հետեւանքով:
Իսկ այդ պայթիւնը, արեւմտահայ մտածողութեամբ, վերացական, ոչ-շօշափելի աղմուկ է միայն, որ կրնայ յոռեգոյն պարագային խլացնել, սակայն ոչ սպանել: Սպանողը պայթումը ի՛նք է, նիւթին ուժգին հերձումը եւ հերձուող առարկայի պատճառած նիւթական վնասը:
Ըստ այնմ ալ ոչ մէկ շփոթի մատնուած է արեւմտահայ հատուածը, եւ մեր տկար միջոցներով յաջողած ենք բծախնդրօրէն զանազանել գործողութիւնը եւ աղմուկը՝ ասոնց կրած համապատասխան ածանցներով.
Գործողութիւն Աղմուկ
գոչում գոչիւն
դղրդում դղրդիւն
դոփում դոփիւն
ճայթում ճայթիւն
ճարճատում ճարճատիւն
պայթում պայթիւն
3. Զօրասիւն եւ փառատօն
Հայրենի մամուլը այս բառերը զոյգ «նն»-ով կը յոգնականացնէ, այսինքն՝
զօրասիւններ փառատօններ
Մինչդեռ անոր բոլոր աղբիւրները՝ բառարանները, քերականական գիրքերը, ուղղագրական ուղեցոյցները եւ այլն կը թելադրեն ասոնք գրել մէկ «ն»-ով՝
զօրասիւ-ներ փառատօ-ներ
Որոնք այնքան հեզասահ, կիրթ ու բարեհունչ ալ են, մինչ զոյգ «նն»-ով օժտուածներու արտասանութիւնը այնքան այլանդակ է եւ կը պահանջէ լեզուա-կոկորդային այլազան աճպարարութիւններ. «Մանիպուլացիա» պիտի ըսէր Նուազի լը Գրանի աւատապետը:
Եւ ի՞նչ ընէ դպրոցը, ի՞նչ ընէ ուսուցիչը, ի՞նչ ընէ Լեզուի կոմիտէն, երբ այսպիսի անբան սարսախներով լեցուն է Հայաստան աշխարհը:
Եւ անշուշտ պէտք չի մնար ըսելու, որ այս սխալները իրենց անդրադարձը կ’ունենան սփիւռքի մէջ ալ, ուր գրողը ոչ մէկ ուղեցոյց ունի ձեռքին տակ, ոչ մէկ ուսուցիչ, ոչ մէկ կոմիտէ, որ ուղղութիւն տայ, թող որ ինք ալ իր կողմէ ոչ մէկ ճիգ կը թափէ փնտռելու եւ գիտնալու. նման մանրուքներով զբաղելու ժամանակ չունի՜՜՜ արեւմտահայ գրողը, անոր սուղ ժամերը յատկացուած են աւելի վե՜հ ու նպատակասլա՜ց արարումներու, հայրենիքի ճակատագիրը որոշելու եւ...ուղղորդելու անոր գնացքը, ընդհուպ մարգարէանալու ...
Իսկ այնքան պարզ է կանոնը. քանի սիւն կու տայ սիւներ եւ տօն կու տայ տօներ, հետեւաբար շարասիւն-ը պիտի տայ շարա-սիւներ, փառատօն-ը պիտի տայ փառա-տօներ:
Այնքան պարզ, որքան Ամերիկայի գիւտը:
* * *
Ըստ այսմ՝ կէտ կու տայ կէտեր, եւ ուրեմն...միջակէտեր, ստորակէտեր, վերջակէտեր, սահմանակէտեր, հայեցակէտեր, յենակէտեր. ասոնք բոլորը կէտեր են:
Բայց ահա ունինք տեսակէտ բառը, որ հայրենի տեսաբանները ներ-ով կը յոգնականացնեն՝ տեսակէտներ, այն «տրամաբանութեամբ» , որ տեսակէտ-ը կէտ մը չէ, այլ միտք մըն է, կարծիք մըն է, դատողութիւն մը, ընդհուպ՝ համոզում մը:
Ենթադրենք, որ այդպէս է:
Սակայն նոյն տեսաբանները կը գրեն հայեցակէտեր, որ ոչ միայն կէտ մը չէ, այլեւ սերտ հոմանիշ է տեսկէտ-ին, կարելի է մինչեւ նոյնանիշ կոչել ասոնք: Բայց անցնինք:
Միւս կողմէ՝ չես գիտեր ինչու եւ ինչպէս՝ արեւելահայ իրականութեան մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ժամկէտներ կառոյցը եւս՝ ներ-ով, ի նմանութիւն տեսաէտներ-ի, մինչդեռ այս վերաբերումը չ’արդարանար, քանի ժամկէտ հասկացութիւնը կէտ ըլլալէ չի դադրիր. ան որեւէ գործողութեան, որեւէ ընթացքի, որեւէ երեւոյթի աւարտը նշող վերացական կէտն է:
Այս անհետեւողականութիւնները էապէս վարակիչ են. մեր հոս-հոսները հոգի կու տան նման երկւութիւններու եւ հակասութիւններու, լիաբռւռն կ’ընդօրինակեն զանոնք՝ բան մըն ալ վրան աւելցնելով. կը բաւէ հետեւիլ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին, տեսնելու համար թէ ի՜նչ մեծ երկիւղածութեամբ կ’իւրացուին ասոնք, բան մըն ալ աւելի՝ յենակէտներ («Ազդակ», 21/6/23, էջ 1), այլեւ՝ նախագիծներ, չափանիշներ, նշաձողներ, օրակարգներ եւ ... եւ ... եւ ...
Մրցոյթ 126.
***Ո՞րն է ճիշդ կէտադրուածը. ընդգծէ՛.
---Ո՞վ է ասոնք հնարողը: Լուսնէ՞ն ինկած է:
Ո՞վ է ասոնք հնարողը, լուսնէ՞ն ինկած է:
Ո՞վ է ասոնք հնարողը. լուսնէ՞ն ինկած է:
---Հարցերը լուծեց. պարտքը վճարեց , եւ միտքը հանգստացաւ:
Հարցերը լուծեց: Պարտքը վճարեց, եւ միտքը հանցստացաւ:
Հարցերը լուծեց, պարտքը վճարեց, եւ միտքը հանգստացաւ:
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Հիմնադրամի գանձին մէջ մնացած էր 68.000 դոլար:
---Անոնց հեռացումին հետեւանքով անհնար եղաւ երկրորդ ընտրութիւն մը:
---Այս յաղթանակով թուրք ընկերութիւնը կը բեւեռանար:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան(6), Ցոլակ Ապտալեան(2), Պերճ Տէր Սահակեան (4), Վահէ Աբէլեան(6), Համբարձում Յարթունեան (2), Գեղամ Խաչատրեան (2), Եփրեմ Թոքճեան (2),Լեւոն Շառոյեան (7):
Մրցոյթ 127.
Վերաշարադրել արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
--Հոգեւոր հայրը մաղթեց, որ վարժարանը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր երթը եւ նորանոր յաջողութիւններ կ’արձանագրէ:
--Մենք կը փափաքինք Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն պարագային ամրապնդել:
--Իշխանութիւնները փոխանակ զօրաշարժի ենթարկեն մեր ներուժը, կ’ընեն բոլորովին հակառակը:
--Այդ դիրքորոշումը ծայրէ-ծայր չի բխիր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ համայն հայ ժողովուրդի շահերէն:
--Նախագահը կ’ընէ իր կարելին մեղմացնելու համար ուքրանացիներու տառապանքը, հացահատիկի ծրագիրը քաջալերելով եւ գերիներու փոխանակումը դիւրացնելով:
Արմենակ Եղիայեան
[1] P հնչիւնը շատ դիւրաւ հ դարձած է հայերէնի մէջ. բաղդատել՝ ped-հետ (ոտք), purօ-հուր (կրակ), pater-հայր, penke-հինգ, per-հեռու, porthu-հորթ, pol-հող, perut-հերու (անցած տարի) եւ այլն: