image

Հայերէնը կը զուարճանայ (198)

Հայերէնը կը զուարճանայ (198)

1. Հայերէնի շեշտը

Մեր շեշտի կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար՝ հանդարտ ու կեդրոնացած  կարդանք հետեւեալ երեք նախադասութիւնները. 

***Նա  միա՛յն  կ’ուտէ (ուտում է)

***Նա  մի՛այն  կ’ուտէ (ուտում է)

***Նա՛  միայն  կ’ուտէ (ուտում է)

  Ասոնք կազմուած են բոլորովին նո՛յն բառերով, սակայն տարբեր շեշտա-դրութեամբ, այսինքն՝ շեշտի տարբեր դիրքերով:

Եթէ կրցանք իսկապէս  ճիշդ շեշտել, ապա պիտի անդրադառնանք, որ՝ 

--առաջինը կը նշանակէ՝ «Ան առանձին կ’ուտէ»,— մինակ նստած է, քովը ուրիշը չկայ:

--երկրորդը կը նշանակէ՝ «Ան ուտելէ զատ ուրիշ բան չ’ըներ»,— խելքն ու ժամանակը կը յատկացնէ մի՛այն ուտելու:

--երրորդը կը նշանակէ՝ «Ուտողը միայն ա՛ն է», — իրմէ զատ ուրիշ ուտող չկայ շուրջը:

Ինչպէս կը նկատենք, բոլորովին նոյն բառերով մենք արտայայտեցինք երեք   բոլորովին տարբեր միտքեր:

Այս տարբերութիւնը, միտքերու այս այլազանումը,— արեւելահայերը պիտի ըսէին՝ տիվերսիֆիկացիան,— կը պարտինք շեշտին:

Եթէ հայերէնը մեր մայրենին է, ապա մենք այս բոլորը տեղին համեմատ կը կիրարկենք՝ առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, թէ ճիշդ ի՛նչ ըրած ենք, այսինքն՝ առանց անդրադառնալու, թէ շեշտած ենք այսինչ կամ այնինչ բառը:  Այս շեշտադրումը բնական՝ ոչ-գիտակցուած  արարք մըն է, որ տեղի կ’ունենայ.  նոյնքան բնական ճամբով տեղի կ’ունենայ անոր ընկալումը մեր խօսակիցին կողմէ: Սա իր կարգին չի մտածեր, չի փնտռեր երբեք, թէ իրեն խօսողը ի՛նչ բառ եւ ինչո՛ւ շեշտադրեց, եւ ընդհանրապէս  մենք կը խօսինք ու կը խօսակցինք՝ առանց երբեք մտածելու շեշտի մասին՝ բոլորովին անձնատուր ներքին՝անգիտակից ձայնի մը, որ անշեղ կ’առաջնորդէ մեզ:  

Կան խօսողներ, որոնք նոյնիսկ կ’անգիտանան շեշտ հասկացութիւնը, չեն գիտեր, չեն լսած իսկ շեշտի անունը, բայց ահա այսպիսիները իրենց կարգին եւ  տեղին համեմատ  կը շեշտեն այս կամ այն բառը՝ բոլորովին ենթագիտակցաբար: 

                                                                        *    *    *

Այստեղ պէտք է յայտնեմ հետեւեալ վերապահութիւնը.

Բերուած օրինակներէն առաջինին մէջ շեշտուած է ա ձայնաւորը, եւ այս շեշտադրումով  միայն-ը կը նշանակէ առանձին, միայնակ: Այս կիրարկութիւնը  գլխաւորաբար յատուկ է մի՛այն արեւելահայերէնին: Եթէ բանաք արեւելահայ բառարանները, ապա պիտի նկատէք, որ բառիս առաջին նշանակութիւնն է առանձին-ը, միայնակ-ը: Յե՛տոյ միայն կ’ակնարկուի բառիս միւս նշանակութիւններուն: Մինչդեռ արեւմտահայ բառարաններէն  ոչ մէկուն  մէջ  միայն-ին դիմաց առանձին, միայնակ  նշանակութիւնները կը գտնէք:

Ուրեմն հոն ուր արեւելահայը կ’ըսէ՝ 

--Նա միա՛յն  է ուտում:

Արեւմտահայը կ’ըսէ՝ 

--Ան միայնա՛կ  կ’ուտէ 

Կամ՝ «Ան առանձի՛ն կ’ուտէ»:

Արեւմտահայ լեզուազգացողութեամբ պիտի զգանք, որ  «Ան միա՛յն կ’ուտէ»՝ ոչինչ կը նշանակէ, պայմանաւ որ ճի՛շդ արտասանենք այս շեշտադրումը:

                                                                *   *   *

Հետեւանքը ա՛յն է, որ արեւմտահայը սխալ կը կիրարկէ այս բառը, երբ ի՛նք ալ կը շեշտադրէ    ա   ձայնաւորը՝ միա՛յն,    հոն, ուր պէտք է շեշտադրել  ի ձայնաւորը՝ մի՛այն: Աւելի ճիշդը՝ արեւմտահայը միա՛յն  կը գրէ, սակայն  միա՛յն  չի՛ հասկնար,  միա՛յն չի՛ մտածեր,  միա՛յն չ’ա՛րտասաներ. ան մի՛այն   կը մտածէ  ու կ’արտասանէ: Եթէ պաստառի վրայ ձայնագրենք որեւէ արեւմտահայու խօսքը, ապա շատ յստակ պիտի երեւի, որ ան մի՛այն կ’արտասանէ, եւ ոչ թէ միա՛յն

Մեզի համար միա՛յն  չկա՜յ:

Եւ իրօք ալ  չենք գտներ արեւմտահայ ոչ մէկ հեղինակ կամ ոչ մէկ դասագիրք, որ նման կէտադրութիւն թելադրած ըլլայ, չկայ նման բան: Ինչ-որ մէկը ինչ-որ առիթով մը  եւ արեւելահայ բնագիրի մը հետեւողութեամբ կիրարկած է միա՛յն-ը, եւ ահա ուրիշներ հետեւած են անոր, որովհետեւ ամէն յիմար միշտ կը յաջողի գտնել իրմէ աւելի յիմարներ, որոնք կը հիանան իր վրայ, կը հետեւին իրեն  ու կ’ընդօրինակեն զինք. լեցուն են այսպիսիները:

Արեւմտահայ մտաւորականութիւնը  պարարտ հող է նման... գիւտերու:

Ծանօթ.— Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագիրը, որ իբրեւ միակ արեւմտահայը,— որքան գիտեմ ես,— կը կիրարկէ  ճիշդ ձեւը՝ մի՛այն:

 

2. Ա՛լ եւ ալ...

Գրաբարի այլ բառն է, որ աշխարհաբարի մէջ դարձած է ալ  եւ էլ:

Ունի երկու տարբեր կիրարկութիւն եւ նշանակութիւն, որոնք կը զանազանուին շեշտով միայն:

ա) մակբայական, որ շեշտուած է եւ կը նշանակէ այլեւս. օրինակ՝

--Ա՛լ մի խօսիր...

բ )շաղկապական, որ անշեշտ է եւ կը նշանակէ նաեւ. օրինակ՝  

--Դո՛ւն ալ գնա անոնց  հետ...

Այս կիրարկութեամբ՝ շեշտը կ’անցնի շաղկապուող բառին՝ դո՛ւն:

Ճիշդ  նո՛յն ձեւով պիտի կէտադրէր արեւելահայերէնը:

Մրցոյթ 194.

***Վերաշարադրէ՛ լեզուական հետեւեալ գոհարը.

---ՄԱԿ-ը մերժեց Իսրայէլի՝   իր ուժերը  Լիբանանի սահմանէն առնուազն հինգ քիլոմեթր  հեռացնելու  խնդրանքը:

***Հետեւեալներուն մէջ  ո՞ւր կը զետեղես եւս շաղկապը.

---Իսրայէլեան օդուժը  յարձակում գործեց Պաալպեքի հիւսիսը գտնուող Քնիսէ գիւղին վրայ  եւս:

---Իսրայէլեան բանակը  հարաւային Լիբանանի 20 գիւղերու բնակիչներէն եւս  պահանջեց լքել իրենց տուները:

***Կրնա՞ս երեք բառով ըսել հետեւեալը.

---Թշնամին կը ծածկէ իրողութիւնը: 

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը. 

---Չեն փակուիր դռները այն հաստատութեան,  որ կ’առաջնորդուի Տիրոջ կամքով:

 

Ճիշդ պատասխան ած են՝ Քերոբ Էքիզեան (3), Համբարձում Յարթունեան (3), Գեղամ Խաչատրեան(8), Ցոլակ Ապտալեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7) :  

 

Մրցոյթ 195.

***Վերաշարադրէ՛   հետեւեալ գոհարը՝ ջնջելով անկէ 6 բառեր ու մասնիկներ: 

---«Ազրպէյճանը պարտաւորութիւն ստանձնած է եւրատլանտեան շրջանին մէջ անվտանգութեան նշականութիւնը պահպանելու հարցին մէջ:

***Կետերը փոխարինէ եւ կամ ու շաղկապով:

---Այս որոշումը կ’ապահովէ Իսրայէլի անվտանգուգութիւն(?) . . . . . Լիբանանի գերիշխանութիւն(?) . . . . . հողային ամբողջականութիւնը:

***Ուղղէ՛ անհամասեռութիւնը, այսինքն՝ ոճական անմիօրինակութիւնը:

---Պէտք չէ մեր որոշումները տանք սարսափի, նեղութեան կամ բարկացած  ժամանակ:

***Ինչպէ՞ս կրնաս խուսափիլ  հետեւեալի կրկնաբանութենէն.

---Իսկական յաղթանակը կարելի չէ իրագործել առանց Իրանի  իսկական հարուած մը հասցնելու:

***Հետեւեալին մէջ երկու բառեր փոխուելու կարիք ունին.

---Կը կարծեմ, որ պիտի խօսիմ Փութինի հետ, եւ Նեթանիահուի հետ զրոյցս  շատ լաւ էր:



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com