«Քաթարա» մշակութային հիմնադրամը հանդիսաւոր կերպով բացած է հայկական մշակութային անկիւնը` այսպիսով անգամ մը եւս ամրապնդելով երկու ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կապերը։ Բացման արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աննա Յակոբեան, հիմնադրամի փոխտնօրէն Թալին Թօփալաքեան, հայկական պատուիրակութեան այլ անդամներ, Քաթարի մօտ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական եւ մշակութային ոլորտի ներկայացուցիչներ։
Հայկական անկիւնի «Ազատագրում գամերից» անուանումը կրող քանդակի հեղինակը հայ քանդակագործ, գեղանկարիչ Վանանդ Շիրազն է: Այն արդիական ոճով կատարուած համադրական ստեղծագործութիւն է, որ ունի համամարդկային խորհուրդ, այն է` ազատութեան եւ բռնութեան, լոյսի եւ խաւարի, բարիի եւ չարի յաւերժական պայքարը: Հեղինակն այդ հակասութիւնները արտայայտելու համար ընտրած է սպիտակ եւ սեւ տուֆերը` համադրուած երկաթեայ գամերով;
«Քաթարա» մշակութային հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն փրոֆեսոր Խալիտ Ալ Սուլաիթի նշած է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ամրապնդելով մշակութային կապերը։ Ան ընդգծած է, որ տարբեր դեսպանութիւններու հետ համագործակցութեամբ բացուող մշակութային անկիւնները կարեւոր հարթակ են՝ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կամուրջներ կառուցելու համար։
Այս նախաձեռնութիւնը նշանաւոր ուղենիշ է հայ-քաթարական մշակութային համագործակցութեան մէջ եւ կարեւոր ձեռքբերում է երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային երկխօսութեան խորացման համար։ Այսուհետեւ «Քաթարա» մշակութային գիւղակ այցելողներն այլ երկիրներու շարքին` ինչպիսիք են Վրաստանը, Էքուատորը, Ֆիլիփինը, Մեքսիքան, պիտի տեսնեն նաեւ հայկական անկիւնի ինքնատիպ տեսքով եւ ուղերձով քանդակը: