image

Հայերէնը «բանտ»ի մի՛ վերածէք...

Հայերէնը «բանտ»ի մի՛ վերածէք...

Ի հարկէ, կան մարդիկ, որոնք կը պայքարին այս չարաղէտ մօտեցումներուն դէմ, բայց ցաւալիօրէն հայերէնի հանդէպ ցուցաբերուած փարիսեցիականութիւնը քիչ մը ամէն տեղ դարձած է նուիրականացած արժեհամակարգի վերջին կամ վերջընթեր ածանցը։

Այս մարդոց պիտի ըսել, անշուշտ, որ լեզուն գերեզման մը չէ, որուն մէջ թաղուած պիտի ըլլան մեր մտածումները, լեզուն ծաղկաման ալ չէ, որ միայն անշունչ, անբոյր եւ անկենդան վարդերով է կազմուած։ Այդ լեզուն մենք ենք պարոնայք ու այդ լեզուին համար մենք վճռած ենք մաքառիլ, գրել, նորէն գրել, սորվիլ, սխալիլ ու ապրեցնել...

Գրութիւնը, միտքը, շաղկապումը գաղափարներու, ընթերցումը եւ տարընթերցումը մաս կը կազմեն այն համակարգին, որ կը կոչուի հայ մամուլ ու մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ի մասնաւորուի նորահաս սերունդի զաւակները իրաւունքը ունին սխալելու, վրիպելու եւ նորէն սրբագրելու իրենց միտքն ու խօսքը։

Սրբապղծութիւն մը չէ, հետեւաբար, սխալիլը, վրիպիլը, անզգուշօրէն սխալ շարադրելը կամ կրկնելը եւ այդ բոլորը պէտք է միտին նոր կեանք մը, նոր ձեւ մը, նոր ճանապարհ մը տալու մեր ապրող ու շնչող լեզուին։

 

 

 

Հայ լրագրութեան խնդիրներուն մասին յաճախ գրած եմ։ Գրած եմ այսօրուայ իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն, նաեւ մեծ ու փոքր ակնկալիքներուն մասին։

Միշտ չէ, անշուշտ, որ գրութեան մը միտք բանին, իմաստը եւ կամ «պատգամը» (ծանր բառ մըն է այս մէկը եւ խորշելի) տեղ կը հասնին... Կեանքը դարձած է արագ, մարդիկ զբաղ են հազար ու մէկ գործով ու կարդալու ժամանակ չունին։ Մօտաւոր անցեալին երեկոյեան ժամերուն թերթ կարդալու սովորութիւնն ալ սկսած է կամաց-կամաց շոգիանալ ու չքանալ։ Մարդիկ չեն փոխուած թերեւս, այլ փոխուած են ժամանակները։ Այդ ժամանակներուն առընթեր ալ փոխուած են մարդոց գործիքները։ Տարի մը, երկու տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ հրատարակչական գործ ծաւալող հանրայայտ հաստատութիւն մը լոզունգ մը մէջտեղ նետեց ու յայտարարեց, որ «Գիրք կարդալը նորաձեւ է... (կամ նորաձեւութիւն է)», բայց, եկուր տես, որ Հայաստանի հանրային փոխադրամիջոցներուն մէջ շատ հազուագիւտ կը պատահի, երբ նկատես, որ մարդիկ նստած, հանգիստ ձեւով գիրք կը կարդան։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ հրատարակչական ասպարէզը բաւական եռանդուն է, կը տպագրուին հարիւրաւոր գիրքեր, կը կատարուին գիրքի փառատօներ, բայց, այդ բոլորը այլ կողմ, իսկ միջին խաւին կողմէ գիրք կարդալու տրամադրութիւնը, բոլորովին այլ կողմ։

Տակաւին չենք խօսիր օրաթերթերու մշակոյթին մասին, որ Հայաստանի մէջ հանրութեան կը ներկայանայ բաւական մոխրագոյն ու անհիւրընկալ սեւ պատերով մը։ Ու այս բոլորին զուգահեռ, եթէ փորձենք սփիւռքեան վիճակը ներկայացնել, ապա պիտի ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ ալ պատկերը աւելի քաջալերական չէ։

Սփիւռքի մէջ ալ կը տպագրուին հատորներ, հանդէսներ, ամսագրեր ու օրաթերթեր եւ այս ոլորտներէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ խնդիրներ ու հարցադրումներ։ Այս բոլորը տանելի են, եթէ հաշուի առնենք հայերէնի «պաշտպան-փաստաբան» ներկայացող հանրութեան մը պարագան։ Կարծէք գործ-բան չունենալով՝ այդ հանրութեան մարդիկ զբաղ են ասոր-անոր սխալները որսալով, զինք պախարակելով եւ անոր հասցէին վիրաւորական խօսքեր հնչեցնելով։

Խորին յարգանքս այդ մարդոց, սակայն, աւելի քան յստակ է, որ անոնց կատարածը ո՛չ թէ օգուտ կամ «պահակութիւն» մըն է մեր պաշտելի լեզուին, այլ ճիշդ հակառակը՝ խրտչեցնող եւ լեզուէն հեռացնելու կամ հայ լեզուէն «աքսորելու» միտող փորձ մը, որ մանաւանդ՝ նորահաս սերունդի ճիշդ ողնայարին է ուղղուած...

Ու այդ ձեւական, ոչ-արդիւնաւէտ եւ նոյնիսկ չարակամ մօտեցումները պատճառ կը դառնան, որ վերը թուարկուած հիմնահարցերու կողքին դասենք հայերէն լեզուէն փախչելու, այդ լեզուէն առ յաւէտ հեռանալու պատկերը, որ երէկ, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ արիւնահոսութեան մը վերածուիլ ու մեզ զրկել բոլոր յուսատու ձայներէն, անուններէն ու ստորագրութիւններէն։

Ի հարկէ, կան մարդիկ, որոնք կը պայքարին այս չարաղէտ մօտեցումներուն դէմ, բայց ցաւալիօրէն հայերէնի հանդէպ ցուցաբերուած փարիսեցիականութիւնը քիչ մը ամէն տեղ դարձած է նուիրականացած արժեհամակարգի վերջին կամ վերջընթեր ածանցը։

Այս մարդոց պիտի ըսել, անշուշտ, որ լեզուն գերեզման մը չէ, որուն մէջ թաղուած պիտի ըլլան մեր մտածումները, լեզուն ծաղկաման ալ չէ, որ միայն անշունչ, անբոյր եւ անկենդան վարդերով է կազմուած։ Այդ լեզուն մենք ենք պարոնայք ու այդ լեզուին համար մենք վճռած ենք մաքառիլ, գրել, նորէն գրել, սորվիլ, սխալիլ ու ապրեցնել...

Գրութիւնը, միտքը, շաղկապումը գաղափարներու, ընթերցումը եւ տարընթերցումը մաս կը կազմեն այն համակարգին, որ կը կոչուի հայ մամուլ ու մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ի մասնաւորուի նորահաս սերունդի զաւակները իրաւունքը ունին սխալելու, վրիպելու եւ նորէն սրբագրելու իրենց միտքն ու խօսքը։

Սրբապղծութիւն մը չէ, հետեւաբար, սխալիլը, վրիպիլը, անզգուշօրէն սխալ շարադրելը կամ կրկնելը եւ այդ բոլորը պէտք է միտին նոր կեանք մը, նոր ձեւ մը, նոր ճանապարհ մը տալու մեր ապրող ու շնչող լեզուին։

Ամիսներ առաջ շատ տեղին գրած էր Ռուբէն Ճանպազեան՝ արդար բողոքով։ Ռուբէնը, որ ներկայիս կը վարէ «Թորոնթօ-հայ» առցանց հարթակը, վէրքին վրայ մատը դնելով կը շեշտէ, որ հայերէն լեզուն նորաձեւ դարձնելու բոլոր ճիգերը ո՛չ թէ ուրախալի են, այլ դարձած են վիճակ մը։ Ռուբէնը ճիշդին ճիշդ ըսելով ու դիտարկելով նկատել կու տայ, որ մեր լեզուն նախ եւ առաջ ապրող լեզու է, այդ լեզուին մղում տալ է պէտք, կեանք տալ է պէտք եւ ո՛չ թէ ապակեայ սրուակի կամ շիշի մէջ դնել զայն։

2025-ի տարեմուտի այս յօդուածով յիշեցնեմ, որ ինծի համար առաւելապէս երիտասարդ սերունդը արեւմտահայերէնին կապելու, արեւմտահայերէնը սիրելի եւ ապրող «գործիք» մը դարձնելու ճիգերը այսօր դրական հուներ ունին ու այդ դրական ճիգերուն մէջ կենսական դեր կը կատարեն խումբ մը սիրելի մարդիկ, ընկերներ, գրողներ ու ծանօթ-անծանօթ գիրի սիրահարներ։ Ինչ լաւ է, որ կաք ու ինչ լաւ է, որ մեր լեզուին հանդէպ սէր ու գուրգուրանք կը տածէք։ Հայերէնը պիտի ապրի ձեզմով ու անոնցմով, որոնք դեռ պիտի գան։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...