Ամերիկեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է Իսրայէլին տրամադրել աւելի քան 7 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն: Նշուած է, որ փաթեթը պիտի ներառէ օդային ռումբեր, կառավարուող հրթիռներ եւ համապատասխան սարքաւորումներ:
Փենթակոնէն նշած են, որ Ուաշինկթըն հաւատարիմ է Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովման, ինչ որ առանցքային նշանակութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն համար։
Գերատեսչութեան տուեալով՝ ամերիկեան աջակցութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ Իսրայէլին ամրապնդել երկրի պաշտպանունակութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ՝ դիմակայելու հնարաւոր սպառնալիքներ: