image

Հայերէնը կը զուարճանայ (199)

Հայերէնը կը զուարճանայ (199)

1. Հաց, հացի, հացենի

Այս երեք բառերը կը նշեն  նոյն առարկան, որ աջին գտնուող ծառն է: Ան  տարածուած  էր  Պատմական Հայաստանի ամբողջ երկայնքին, մասնաւորաբար Տուրուբերան նահանգի Տարօն գաւառին մէջ, ուր ան  իր անունը տուած է գիւղի մը, որ յարաբերաբար շատ աւելի  հարուստ եղած է  հացենիով.  Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է  ահա ա՛յդ գիւղին  մէջ, որ  մեզի հասած է քանի մը  անուններով՝ Հասիկ, Հացիկ, Հացեկաց,  Հացեաց դրախտ:

Ծանօթ.- 1. Գոյութիւն  ունեցած է Հացաբլուր անունով  գիւղ մըն ալ  Վասպուրական նահանգի Վանայ գաւառին մէջ: Ենթադրելի է, որ սա իր կարգին այս  անունը կը պարտի այնտեղ գտնուող  հացենիներուն: 2.   Հացաւան անունով գիւղ մըն ալ կը գտնուի արդի Հայաստանի  Սիւնիքի  նահանգին մէջ, Սիսիան քաղաքին մօտերը. այս գիւղը իր անունը կը պարտի  շրջանի առատ   ու բերրի դաշտավայրերուն, որոնք հարուստ են մասնաւորաբար ցորենով: Նայիրի Զարեան այս անուան հիմամբ ալ ընտրած է իր մէկ վէպին խորագիրը: 3. Ունինք երկրորդ Հացաւան մը Գառնիի մարզին մէջ, եւ այնպէս ալ հինգ-վեց ուրիշ  բնակավայրեր, որոնք կազմուած են հաց  արմատի երկու նշանակութիւններվ:

Մեսրոպ Մաշտոցի մասին  առաջին վկայողը եղած է իր աշակերտներէն Կորիւնը, որ ուսուցիչին մահէն  քանի մը տարի ետք, 444-446-ի միջեւ,  գրեց գրքոյկ մը, որ  կը պատմէ Մեսրոպի կեանքն ու գործը եւ ծանօթ է «Վարք Մաշտոցի» անունով. հայերէն գրուած առաջին  հեղինակային  գիրքն է այս, որ կը սկսի հետեւեալ տեղեկութեամբ. «Էր այրս այս  Մեսրովբ՝ ի Տարօն գաւառէ, ի Հացեկաց  գեղջէ, որդի Վարդանայ». այսինքն՝ «Այս մարդը  Մեսրոպն էր՝ Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղէն, որդին Վարդանի»:     

                                                                                                                

Հացեկացը ուշագրաւ եղած է այլապէս եւս. այնտեղ գտնուած է այնպիսի դպրոց մը, ուր կ’ուսուցուէր մէկ կողմէ յունարէն լեզուն, միւս կողմէ ռազմական արուեստը: Մեսրոպ  շատ ուշիմ ըլլալուն՝ տիրացած է այս երկուքին ալ, եւ երբ օր մը  Վաղարշապատ եկաւ, նախ կիրարկեց իր յունագիտութիւնը՝ քարտուղարը դառնալով օրուան թագաւորին՝ Խոսրով Դ.-ին, ապա, հաւանաբար,  անոր եղբօրը՝ Վռամշապուհի արքունիքին մէջ, յետոյ, կարճ ժամանակ մը ետք, ծառայելով բանակին, ուր ան «շատ փնտռուած զօրական մըն էր» կը վկայէ Կորիւն:

Սակայն Մեսրոպ 390-ականներու  հաւանաբար  վերջերուն հրաժարեցաւ այս բոլորէն եւ նուիրուեցաւ  ազգի լուսաւորութեան առաքելութեան՝ դառնալով  Քրիստոսի պատուիրաններու քարոզիչը եւ հնարելով  հայոց այբուբենը:

Այնուհետեւ Մեսրոպ եղաւ կրթական անխոնջ մշակ մը՝ Հայաստանի մէջ բանալով առաջին հայկական դպրոցները. սկսելով Վաղարշապատէն, ուր եւ ինք եղաւ առաջին ուսուցիչը, ապա հասնելով Հայաստանի բոլոր անկիւնները՝ Պարսկահայաստանի եւ Յունահայաստանի մէջ հաւասարապէս:

Անոր հաստատած դպրոցներուն թիւը կը հասնէր 370-ի:

 

  1. Կէծ   

Արեւելահայերէնը ունի շատ սիրուն բառ մը՝ կէծ, որուն կը հանդիպինք արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ եւ որ կը բացակայի արեւմտահայ բոլոր բառարաններէն: 

Ան կայծ  բառի հնչիւնափոխ ձեւն է եւ կը նշանակէ՝ ըստ Մալխասեանի.

«Խիստ տաքացած՝ բորբոքուած, ջերմ.

--Կէծ արեւի տակ աշխատում են օրն ի բուն:

--Կէծ ջուր ածեց գլխին:

«Փոխաբերաբար՝ կատարը տաքացած, գինով, հարբած.

--Էդ օրը ես մի քիչ կէծ էի:

--Գլուխը կէծ էր:

Ահա այսքան գեղեցիկ ու հարուստ բառ  մը չէ մտած  մեր բարբառին մէջ:

                                                           *   *   *

Մենք գիտենք, որ այ > է  հնչիւնափոխութիւնը յատուկ է գաւառական խօսոյթի,   օրինակ՝ հայր/հէր, ծայր/ծէր, վայր/վէր, փայտ/փէտ եւ այլն. ըստ այնմ ալ պէտք է ենթադրել, թէ  արեւելահայերէնը իր մէկ բարբառէն առած է կէծ-ը, ինչպէս շատ ուրիշ բառեր, որոնք այնքան գունագեղ ու համով կը հնչեն արեւելահայուն բերնին մէջ եւ որոնք կը պակսին արեւմտահայերէնին, որ իր կազմաւորութեան տարիներուն  ընդհանրապէս հեռու մնաց բարբառներէն՝ շատ աւելի յենելով գրաբարին եւ շրջակայ  օտար  կայացած լեզուներու վրայ:

Այս բացը առաջին նշողներէն եղած է Արփիար Արփիարեանը. ահա թէ ինչ կը գրէր ան. «Այդ լեզուէն կը վտարուի հայրենիքի մէջ դարերու մթերած  հարստութիւններէն մեծ մաս մը... Պոլսահայերէնը իր հողէն, լոյսէն, ջուրէն  զըր-կուած անարմատ ծառ մըն է, որ արուեսատական հիւթերով կ’ապրի, իր պտուղ-ները որքան ալ գեղատեսիլ ըլլան, երբեք ալ հայկական համը-հոտը պիտի չունե-նան: Գրքերու հայերէնը, թրքերէն քերականութիւնը, ֆրանսերէնի ազդեցութիւնը կը ստեղծեն  ոչ-հայկական հայերէն մը, որ օր մը, շատ ուշ թէեւ, պիտի փնտռէ կենդանութիւնը հայերէն լեզուի հոգիէն» («Նոր կեանք», 15 յունիս 1899, էջ 181):  

Ճիշդ է, որ անկէ ետք Մեծարենց, Զարդարեան, Թլկատինցի, Վարուժան բաներ մը բերին, սակայն բաւարար չէր այդ. եւ մեր բարբառին շարունակեց  պակսիլ հայրենի հողի համն ու բոյրը: Իսկ յետեղեռնեան սփիւռքի  միջավայրը այդ քիչէն ալ զրկեց  արեւմտահայերէնը ու կը շարունակէ կեղեքել զայն մեր բոլորին անզօր, եւ ընդհանրապէս անփոյթ ու անտարբեր,  աչքերուն առջեւ: 

Մեզ հայ են ասում... իմա՝ արեւմտահայ:  Որ կը պաշտէ իր լեզուն (սակայն չի սորվիր զայն) եւ իր հայրենիքը (սակայն չ’ապրիր հոն):

Մրցոյթ 195.

***Վերաշարադրէ՛   հետեւեալ գոհարը՝ ջնջելով անկէ 6 բառեր ու մասնիկներ: 

---«Ազրպէյճան պարտաւորութիւն ստանձնած է եւրոատլանտեան  անվտանգութեան նշանակութիւնը պահպանելու:

***Կետերը փոխարինէ եւ կամ ու շաղկապով:

---Այս որոշումը կ’ապահովէ Իսրայէլի անվտանգուգութիւնը եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն   ու հողային ամբողջականութիւնը:

***Ուղղէ՛ անհամասեռութիւնը, այսինքն՝ ոճական անմիօրինակութիւնը:

---Պէտք չէ մեր որոշումները տանք սարսափի, նեղութեան կամ բարկութեան   ժամանակ:

***Ինչպէ՞ս կրնաս խուսափիլ  հետեւեալի կրկնաբանութենէն.

---Իսկական յաղթանակը կարելի չէ իրագործել առանց Իրանին  ջախջախիչ (համոզիչ, ցնցիչ) հարուած մը հասցնելու:

***Հետեւեալին մէջ երկու բառեր փոխուելու կարիք ունին.

---Կը կարծեմ, թէ պիտի խօսիմ Փութինի հետ, իսկ Նեթանիահուի հետ զրոյցս  շատ լաւ էր:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Գեղամ Խաչատրեան (3), ՑոլակԱպտալեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (4), Համբարձում Յարթունեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (10):

 

Մրցոյթ196.

***Դուն ինչպէ՞ս ը շարադրէիր հետեւեալը.

---Արուեստի ո՛րեւէ մարզի պատկանող անձերն ալ, եթէ կը լրացնեն այս 

պայմանները, պէտք է «մտաւորական» նկատել զանոնք:

***Կէտերը փոխարինէ՛  շեղ թաւագիր բառերէն մէկով.

ա) իմաստասէր կամ իմաստասէրներ

---Երբեմն կը դժուարանանք այս մտածողները  . . . . . . . . անուանելու:

բ) զաւակ կամ զաւակներ

---Եթէ ննջեցեալը . . . . . . . . չունէր, ապա պետութիւնը կ’իւրացնէր անոր  ունեցածը:

***Ո՞ր բառերը կը զեղչես հետեւեալէն.

---Հնգեակի դեսպանները յառաջիկայ օրերու ընթացքին իրար միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենան:

***Դուն ինչպէ՞ս կը կէտադրես ու կը շարադասես  բառային հետեւեալ քաոսը.

---Նեթանիահու  Թրամփի իշխանութիւնը պաշտօնապէս ստանձնելէն անմիջապէս ետք Այսդյորդանանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան  տարածումը պիտի առաջարկէ: 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com