Պրպտելի ու կշռելի հետքերով
Լիբանանի Հանրապետութեան 14րդ նախագահի մը ընտրութիւնը, յանձինս՝ բանակի հրամանատար, Ժոզէֆ Աունի, շուրջ երկուկէս տարուան ուշացումով ու թափուր նախագահական աթոռի մը վերակենդանացումով, անտարակոյս, կը հրճուեցնէ ու կþոգեւորէ, կը լիացնէ ու կը գօտեպնդէ լիբանանցիները։
Մանաւանդ այս հանգրուանին, երբ Միջին Արեւելքը ապրեցաւ օրհասական ու ճակատագրական պահեր, յատկապէս Լիբանանը թիրախաւորուած ըլլալով բազմափշոտ լարերով եւ աղէտներով, որոնք միայն աւեր ու մահ, հուր ու դժոխք սփռեցին ամենուրէք, թերեւս միակ մխիթարական եւ յուսադրական ելքը, Լիբանանը ունենար նախագահ եւ երկիրը հովանաւորող ու պաշտպանող կառավարիչ մը, որ կրնար բոլորին գոյութիւնը պահպանել, գէթ լաւատեսական ու հոգեբանական ազդու տուեալներով ու գործօններով։
Եւ իրաւամբ, լիբանանցիք ապրեցան այդ գեղեցիկ եւ այնքան սպասուած պահերը, որոնք առնուազն, զիրենք կանգուն կրնային պահել եւ յոյսի նշոյլով մը կ’աւետէին, որ իրենց հայրենիքը կրնայ, քայլ առ քայլի յառաջդիմութեամբ, ձերբազատուիլ վայրագութեան ու բռնատիրութեան թունաւոր մագիլներէն եւ, մի գուցէ, ընդմիշտ վերագտնել իր ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Եթէ այս հրատապ եւ անյետաձգելի նախաձեռնութիւնը նախագահական ընտրութիւնն էր, ապա, տրամաբանօրէն, յաջորդ քայլը պիտի ըլլար վարչապետականը, (ըստ լիբանանեան սահմանադրութեան), երեսփոխաններուն կողմէ առաջադրելու յարմարագոյն թեկնածու մը։
Անշուշտ, նման արագընթաց ու գործնական ընտրութիւններ, որոնց կարօտն ունէր լիբանանցին, գերագոյն գոհունակութիւն էր բոլորին համար, որովհետեւ ամէն ոք խոր համոզումով պատուած էր, թէ Լիբանանը կարիքը ունէր իր խարխափումներէն դուրս գալու եւ ինքզինք գտնելու իր բնական գործընթացին մէջ։
Իսկ ատիկա իրականացնելու համար «օդի ու ջուր»ի չափ անհրաժեշտութիւն էր, դուրս գալ սովորամոլական ուղիներէն եւ կառչիլ այն բանագնացութեան, որ կրնար զինք անարգել առաջնորդել, իր առջեւէն թօթափելով արուեստական ու դաւադրական բոլոր հնարքները։
Անկասկած, նման ոստումներ կատարելը գերբնական ուժ կ’ենթադրէր, անսահման հաւատք եւ անչափելի վստահութիւն, որովհետեւ, անցնող տարիներու տխրահռչակ փորձերը, անկումներն ու սայթաքումները, քաղաքական գետնի վրայ, ներլիբանանեան եւ արտլիբանանեան հակադիր չափանիշներով, ոչ մէկ դրական արդիւնք տուած էին, ընդհակառակը, ձախողութիւններով եւ արհաւիրքներով լեցուած էին։
***
Սակայն, ինքնին հարց է, ծանրակշիռ ու մտահոգիչ տարողութիւններով, թէ այս բարենշային ու գործարքային փոփոխութիւնները, իրենց նորարարական ու բարեկարգչական, զարգացումնեով, արդեօք ո՞րքանով պիտի կարենան շօշափելի իրականութիւններ դառնալ, ի դէմս այն լեռնակուտակ թղթածրարներուն, որոնք բարդուած են բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, իսկ անոնք կը կազմեն խիստ ու բարդ խառնաշփոթներ։
Նորութիւն չէր, երկիրը կ’ընթանար կիսատ-պռատ, կաղնիկաղ ու հիւանդկախ կեանքով, այնքան ատեն որ ամէն ինչ կը գտնուէր այլափոխուած վիճակի մը մէջ, ուր փտածութիւնը, ապականութիւնը, խարդախութիւնը եւ անարդարութիւնը կը գրաւէին առաջնահերթ դիրքեր։
Հետեւաբար, նախագահութիւն-վարչապետութիւնը, որքան ալ ըլլար նախանձախնդիր, առաւելագոյն ճիգերով հասնելու ընդունելի, բարեկարգելի ու շնորհելի միջոցառումներու, զանոնք կարգաւորելն ու դասաւորելը, հերթագրելը ու բնորոշելը, կազմաւորելը ու ձեւափոխելը, կը պահանջէին.
- Լուրջ նախապատրաստութիւն
- Անմիջական հետեւողականութիւն
- Կազմակերպչական ծրագրաւորում
- Պահանջատիրական խստապահանջութիւն
- Անզիջողական վերաբերմունք
- Անկողմնակալական դիտարկում
- Համակերպչական քննարկում
- Մասնագիտական հսկողութիւն
- Ժողովրդավարական հասկացողութիւն
- Անաչառական հաւասարութիւն
Այս եւ նմանատիպ «պարտադրանք»ները, որոնցմէ երկա՜ր ժամանակ զրկուած էին Լիբանանը ու լիբանանցին, ոչ թէ անոր համար, որ ուրիշներ կամ օտարներ այդ «սեւ» մթնոլորտը ստեղծած էին, այլեւ՝ առանց բառերը ծամծմելու, նոյնինքն ներքին խլուրդները, իրենց մեծով ու փոքրով, բթացուցած, խափանած ու թանձրացուցած էին բազմաթիւ խաւերու խիղճերը, զանոնք դարձնելով «գիշատիչ»ներ, իրենց ամենէն ստորին, արգահատելի եւ ողորմելի անշուքութիւններով։
Այս բոլորը ցցուն պատճառներ էին, որ՝ երէկուան քննադատելի ու պախարակելի, ձախաւերելի եւ խոցելի երեւոյթները, որոնք միայն ցաւերու ու կոտտանքներու աղբիւր դարձուցած էին երկիրը ու լիբանանցիներուն կեանքը, այսօր, նոր պետական-կառավարական վարչակարգով, քաղաքական առողջ հայեացքներով, տնտեսկաան ծաղկումներով եւ ապահովական տնօրինումներով ունի՞ն այն երաշխիքները, որոնք կրնան, նոր հորիզոններ բանալ, տարբեր ու բարւօք հեռանկարներով։
Փաստ ըլլալէ չի դադրիր, որ Լիբանանը կքած է բազմաթիւ առումներով, իսկ ատոնցմէ դուրս գալը չի կրնար այնքան մօտալուտ ըլլալ, երբ նախանշանները այդքան ալ վարդագոյն չեն երեւար։
***
Անաչառ եւ անկեղծ ըլլալու համոզոմով, պէտք է խոստովանիլ, որ թէ՛ նախագահական ընտրութեանց ստուգատեսը, թէ՛ մանաւանդ վարչապետական անուանումի պարագան, որոշ առումով, անխուսափելի հիասթափութիւն պատճառեցին շատ-շատերու մօտ, պարզապէս անոր համար, որ՝ առ այդ, երկիրը միշտ ալ գտնուած էր անիրաւութիւններու ու զրկանքներու պատուհասներու մէջ, որովհետեւ ոչ մէկ պետական-կառավարական հսկողութիւն ու հակազդեցութիւն կար բոլոր անկարգապահութիւններու եւ անպատասխանատուուութիւններու դիմաց, իսկ այդ բացթողումները ստեղծած էին ահաւոր եւ ահռելի թերութիւններ, քաղաքացիները մատնելով թշուառութեան եւ ողորմութեան, իսկ ապրուստասղութիւնը, ընկերային տագնապները, եկամտային անբաւարութիւնները եւ գործազրկութիւնները, ուղղակի հասարակութիւնը գամած եւ անկիւնաւորուած էին, բազմաթիւ տարիներու թաւալքներով։
Նոր կամ տարբեր հանգրուանի մը հասնիլը, այս պարագային Լիբանանը տեղափոխելու աւելի ընդունելի հարթակ, դէպի նոր հորիզոններ առաջնորդելու հաւատքով, բաւականին լուրջ ու պատասխանատու յանձնառութիւն էին։
Այս հաւանական եղափոխութիւնն է, որ խանդավառութեամբ պարուրեց լիբանանցիները, նոր դէմքերով ու գործիչներով վերսկսելու աւելի ապահով ու հանդարտաբարոյ կեանք մը, հեռու այն մռայլ օրերէն, որոնք միայն կը յիշեցնէին դժոխային պահերը։
Այս տխուր կացութիւններէն հեռանալու գնով ու նոր անցումներով ընտելանալու համար գալիք բարօրութեանց ու բարեկեցութեանց, հրամայական էր, որ պատկան պատասխանատուներ (նախարարներ, երեսփոխաններ, կուսակցութիւններ, համայնքներ), այլընտրանք պէտք չէ ունենային, բացի յարմարելու, այլեւ՝ պահանջելու, կեանքը նոր լուսաւորումներով ճառագայթելու ու պայծառացնելու, նորանոր ներշնչումներով ու հաւատամքներով, վանելու այն նախապաշարումներն ու ստուերային պայմանները, որոնք միայն աղէտային հետքեր ձգած են, ֆիզիքական թէ հոգեկան դառնագին պայմաններով։
Ուրեմն, երբ նոր վարչակարգի դէմ յանդիման գտնուելու պարտաւորութիւնը կը ներկայանայ, հարկադրանքը կ’ըլլայ, իւրաքանչիւր անհատ իր խղճի ձայնին անսալ, քաղաքացիական պարտականութեան հաւատարիմ մնայ, այլեւ՝ գերիվեր որեւէ պատահական ու պատեհապաշտական նկրտումներէ, ուստի, հոս է որ երեւան կու գայ, թէ մարդիկ որքան հարազատ են իրենց անմիջական ճիգերուն ու կողմերուն, անհաշիւ եւ պարկեշտ դիտարկումներով, իրենց կոչումին տէր դառնալու եւ անվարանօրէն ծառայելու հաւաքականութեան կարիքներուն։
Ինչո՞ւ այս դիտարկումները ու գրառումները, երբ մասամբ թէ այլապէս դիտորդները ու հետեւորդները կամ ազնիւ քաղաքացիներ կը նշմարեն կարգ մը աններելի պատկերներ, անհանդուրժելի միջամտութիւններ եւ անհարկի կաղացումներ։
Եթէ խօսինք օրինակներով, այնքան այրող պահանջք կար, որ Լիբանան վերագտնէ իր հեղինակութիւնը եւ անուանակրութիւնը, միշտ իր յարգելի տեղը գրաւելով ամէնուր (քանի խախտած էր ատիկա վաղո՜ւց), սակայն, երբ տեսանք ու զգացինք կարգ մը, մեղմ ըսած, անբացատրելի արարքներ եւ անտրամաբանական շարժեր, յատկապէս կապուած որոշ ելոյթներու ու քուէաթուղթերու տեղադրութեան, ուղղակի զարմանալի ու դատապարտելի գտանք զանոնք, քանի կը զուգադիպէին նման ԽԻՍՏ ՓԱՓՈՒԿ հանգրուանի մը հետ, երբ ժամանակը չի ներեր նման ոգիով ու ձախաւերութեամբ «հաշիւներ մաքրելու» իրարու նկատմամբ, փոխանակ ըլլալու զուսպ, համերաշխ ու հաւասարակշիռ, տեղի չտալով, անտեղի ու չափազանցուած անհարթութիւններու։
Այս ծիրէն ներս, ամենէն դատապարտելին, ՍՊԻՏԱԿ քուէ նետելն էր (ի մասնաւորի վարչապետական անուանումներու ժամանակ), երբ տարրական կարգը այդ չէր պահահնջեր, ոչ ալ կիրարկել։ Եթէ ոմանք վերապահութիւն ունէին այս կամ այն թեկնածուին նկատմամբ, կրնային չներկայանալ խորհրդարան ու չմասնակցիլ քուէարկութեան։
Ուղղակի ցաւալի է, որ այդպիսի երեւոյթներ երբեք չեն նպաստեր օրինականութեան յարգելիութեան, ոչ ալ կը ծառայեն ընդհանրական շահերուն, ի դէմս երկիրը յուզող ու տագնապեցնող բազմատեսակ վերիվայրումներուն, որոնք, պէտք է հետզհետէ բառնան այս կամ այն բեւեռներէն։
Անշուշտ, երբ նոր ժամանակաշրջանը կը սկսի, նախագահական գործընթացով ու կառավարական իշխանութեամբ, հոն կարելի է արտայայտուիլ ու կողմնորոշուիլ, ի հարկին քննադատական դատողութեամբ, առանց սակայն երթալու ծայրայեղութեան կամ մնալու խանգարիչի կարգավիճակի մէջ
Չենք գիտեր, անոնք որոնք նման դերակատարութիւններու մէջ յայտնուեցան, ինչպէս կը զօրակցին հայրենիքը դուրս բերելու ջանքերուն, բայց, կամայ թէ ակամայ կը յարին անոր շաոունակուող կազմալուծման մէջ։
Արդեօք նման հեղինակներ կը մոռնա՞ն կամ չե՞ն անդրադառնար, որ երկիրը եւ առհասարակ ամբողջ շրջանը տակաւին ԱՊԱՌՈՂՋ է եւ, ինչու ոչ, նաեւ յղի խայտաբղէտ անակնկալներով ու զարգացումներով։
Զգաստութիւնը կը բաւէ՞, թէ՞ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ աւելի նախապատուական եւ նախընտրական է։
(Պէյրութ)
Պարոյր Յ. Աղպաշեան