image

Խորհրդաւոր սպին

 Խորհրդաւոր սպին

Լիբանանի մէջ, գաղթակայաններու պայմաններն ալ աննկարագրելիօրէն անբարենպաստ էին. տարրական անհրաժեշտութիւններու չգոյութիւն, համաճարակներու տարածում, մեծաթիւ մահեր…։ Ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, հայեր իրենց հաւատքի՛ ուժով, յուսալից ապագայի տեսլականով եւ անկոտրում կամքով պայքարեցան վասն վերականգնման եւ գոյատեւման: Նման դառնագոյն պայմաններուն մէջ նաեւ հայ նոր ընտանիքներ կազմուեցան: Երէց սերունդի անդամներ կը միջնորդէին, որ երիտասարդ վերապրողները գտնեն իրենց զոյգը եւ միասնաբար կերտեն ապագայ նոր սերունդ, որ պիտի յատկանշուէր իր կենսունակութեամբ, հայկականութեամբ եւ ըսէր՝ «Ո՛Չ», իր ազգը բնաջնջել ցանկացող դահիճներուն...

Անուշ մէկն էր այդ երիտասարդ այրիներէն. զայն կը ծանօթացնեն Յովհաննէսին: Անոնք իրենց վիրաւոր գլուխները կը միացնեն Տիրոջ խաչին տակ եւ կ՚երդնուն կերտել հայկական նոր օճախ մը՝ արծուաբոյն մը, ուրկէ դէպի կեանք պիտի ճախրեն իրենց նոր ձագուկները...: Աստուծոյ շնորհքով Յովհաննէս-Անուշ ամոլը կը բախտաւորուի երկու զաւակով՝ Յակոբ եւ Սառա, որոնք կ՛ապրին եւ իրենց ծնողաց կը շնորհեն 14 թոռներ, ապա լոյս աշխարհ կու գան 35 ծոռներ: Տիկին Անուշին շառաւիղը մինչեւ օրս ալ կ՚աճի եւ նոր ոստեր կ՚արձակէ:

1978-ին էր, որ Անուշ իր ութսուներեքերորդ տարեդարձին մեկնեցաւ այս աշխարհէն, իր ետին թողած Խարբերդէն դէպի Լիբանան երկարող տաժանակիր ոդիսական մը եւ զարմանահրաշ յարութիւն մը, միշտ ճակատին՝ այդ սեւ, «խորհրդաւոր» սպին: Ան կ՛երթար միանալու իր կարօտալի հոգեհատորներուն՝ երկնային «եաւրը»ներուն։

 

Տիկին Անուշ քէնցած էր իր անունէն: Անուշ բառը, որ կը մատնանշէ քաղցրը, հաճելին, սիրունը, դիւրեկանը, ո՛չ մէկ կապակցութիւն ունէր կնոջ վիճակուած ճակատագիրին հետ: Նոյնպէս՝ անոր արտաքին տեսքը՝ թրծուած կեանքի դաժան պայմաններու մէջ, ոչինչ կը յուշէր «անուշ» բառէն:

Կարճահասակ, վտիտ մարմինով, կռացած մէջքով կին մըն էր Տիկին Անուշ: Դէմքին թուխ մաշկը թոշնած ու ճմռթկուած էր, իսկ աչքերը անփայլ ու թախծոտ էին։ Ճակատին վրայ ակնառու եւ յատկանշական էր խորունկ սպի մը, չոր ու հաստ կեղեւով, որ կ՚երկարէր մինչեւ գլխուն կէսը:

Ան ատենը մէյ մը կ՚այցելէր իր աղջկան՝ Սառային: Տիկին Սառան մեր դրացուհին էր եւ ունէր ինը զաւակներ, որոնցմէ մի քանին իմ սիրելի եւ եռանդուն խաղընկերներս էին: Հեռուէն հազիւ թէ կը նկատէի Տիկին Անուշին գալուստը, կը հրաժարէի որեւէ զբաղումէ կամ խաղէ եւ կը բարձրանայի աղջկան տունը: Ինծի համար անբացատրելի խորհրդաւորութիւն մը ունէր Տիկին Անուշ։ Ան իր դէմքին ժպիտ չունէր, ոչ ալ շուրթերուն քաղցրախօսութիւն, սակայն իր սպին կը «խօսէր», կը պատմէր ապրուած ահեղ գողգոթայի մը եղերականը եւ վերապրողի մը յարութեան հրաշքը:

Լռակեաց ու ինքնամփոփ  Տիկին Անուշ իր շուրջիններուն հետ չէր հաղորդակցեր, մեկուսի, անկիւն մը կը քաշուէր եւ քիթին տակէն թրքերէն երգ մը կը մրթմրթար: Թէեւ մենք երգին բառերը չէինք հասկնար, բայց երբ հարցական աչքերով իրեն կը նայէինք, ան  ցաւագին տեսք մը կը ստանար եւ իբրեւ պատասխան մեր նայուածքին՝ կը շշնջար. «Ես իմ դժբախտ կեանքս կ՚երգեմ, իմ կորսնցուցած «եաւրը»ներս (սիրելիներս) կ՚երգեմ»:

Տիկին Անուշ երբ երիտասարդ հարս էր, երջանիկ ըլլալու համար բոլոր նախապայմանները ունէր. բարի ու աշխատասէր ամուսին մը եւ երկու սիրուն զաւակներ: Սակայն, Թուրքիոյ մէջ ընթացիկ երեւոյթ էր «սուխրաթի» (ձրի աշխատանքի) կանչուիլը, եւ Անուշին ամուսինը յաճախ կը կանչուէր խոպան վայրեր՝ ճամբայ փորելու գործով, հետեւաբար, մարդը ամիսներով կը բացակայէր տունէն, ուր Անուշ ու զաւակները կը դատապարտուէին անօթի ու անտէր մնալու ճակատագրին:

Այդպէս կ՛անցնէին օրեր, ամիսներ եւ նոյնիսկ տարի: Օր մըն ալ՝ ճարահատ, Անուշ տեղացի թուրք ընտանիքի մը դուռը կը թակէ եւ կը խնդրէ, որ զինք ընդունին, որպէս սպասուհի: Տանտիրուհին շատ խորթ աչքով կը դիտէ Անուշին զաւակները եւ դժկամանքով կ՚ընդունի անոնց ներկայութիւնը իր տան մէջ, պարզապէս անոր համար, որ Անուշ տնարար կին էր եւ հմուտ՝ խոհանոցային կենցաղին: Անոր պատրաստած համադամ ճաշերն ու խմորեղէնները անմրցելի էին: Անուշ այդ տան մէջ կը լուայ-կը կոկէ, կ՚աւլէ-կը սրբէ, կ՚եփէ-կը թափէ անխօս, անտրտունջ, միաժամանակ, ըստ կարելւոյն, հոգալով իր զաւակներուն կարիքները: Ան նոյնիսկ պատրաստ էր աշխարհին հոգը շալկելու, միայն թէ իր ձագերը կուշտ ու պատսպարուած մեծնային իր աչքին առջեւ:

Այսուհանդերձ, հայ ազգին վիճակուած արնոտ ճակատագիրը եկաւ-գտաւ նաեւ այս հէգ կինը, որ երեկոյ մը, իրեն եւ զաւակներուն տրամադրուած մթամած անկիւնէն աղիողորմ ձայնով ճչաց. «զաւակներս ո՞ւր են, «եաւրը»ներս ո՞ւր են, ո՞ւր կորսուած են, ո՞ւր են, ո՞ւր...»: Մայրական բնազդը ահազանգ հնչեցուց, սարսափը գալարուեցաւ հայ մօր աղիքներուն մէջ, քաղցրանուն կնոջ սիրտը կասկածի թոյներով լեցուեցաւ...: Գրեթէ խելակորոյս, ան աջ ու ձախ վազել սկսաւ, անընդհատ կուրծքն ու ծունկերը հարուածեց, լացաւ իր ողբը, ողբաց իր կորուստը, բայց ապարդիւն: Սրտաճմլիկ ու աղիողորմ աղօթքներն ալ օգտակար չեղան. կարեվէր ու թեւաթափ՝ Անուշ ծանրօրէն հիւանդացաւ, մինչ գլխուն վրայ՝ թուրք տանտիրուհին կը յանդիմանէր զինք, կոպտաբար ըսուած այս բառերով. «Մենք ստիպուած չե՛նք քեզի ձրի կերակրել: Հայտէ՛, ե՛լ աշխատի՛ր, որ արդար հացդ վաստակիս»։ Իրականութեան մէջ Անուշ ո՛չ հաց կ՚ուզէր, ո՛չ ալ ապուր…: Անոր միակ ցանկութիւնը մահն էր, որ չարաչար կ՚ուշանար, բայց ստիպուած էր ենթարկուելու թուրք կնկան թրքաբարոյ հրահանգներուն...

Քիչ ետք, լուացքի ծանր տաշտերը շալկած ան երբ բարձրացաւ տանիք, զարմանալի երեւոյթ մը պարզուեցաւ անոր աչքերուն դիմաց: Սա իր գիտցած հարթ տանիքը չէ՛, գետինը՝ գզգզուած ու հողոտ, իսկ աստիճանին հանդիպակաց անկիւնը այս ի՞նչ հողակոյտ է, որ գոյացեր է, անցուց մտքէն ու ամբողջ մարմնով յանկարծակի սարսռաց. «Ո՛չ, ո՛չ, Տէր Աստուա՛ծ, կը խնդրե՜մ, մտքէս անցածը չըլլայ, ո՜չ, սիրտս անհանգիստ է եւ լաւ բան չի վկայեր...»: Մոռցած ինքզինք՝ ան մրրիկի արագութեամբ նետուեցաւ դէպի հողակոյտը, սկսաւ քրքրել, փորփրել զայն մինչեւ յատակը…: Այլեւս չէր կրնար դիմանալ... անոր մայրական սիրտը ինչպէ՞ս դիմանար սահմռկեցուցիչ այս ահռելի պատկերին ի տես... եւ ան ուշակորոյս գետին կ՚իյնայ: Իր «եաւրը»ներուն անշնչացած մարմինները պառկեր էին հոն...: Երկու հոգեհատոր, երկու լուսեղէն էակներ, մորթուած էին տանտիրոջ ձեռամբ՝ որպէս «նուիրում» թուրքին պաշտած Աստուծոյ, զոհաբերուած՝ «ղուրպան պայրամ»ի տօնին (զոհաբերութեան տօն):

-Անո՛ւշ «ղըզըմ» (աղջիկս), փախի՛ր ու գլուխդ ազատէ՛: Դուն այլեւս հոս գործ չունիս: Հաւատա՛ որ ո՛չ զաւակներդ պիտի վերադառնան, ո՛չ ալ ամուսինդ: Գրեթէ բոլոր հայ տղամարդիկը հաւաքած ու տարած են, գոնէ դո՛ւն գլուխդ ազատէ: Մե՛ղք ես «ղըզըմ», շատ «զուլում» տեսար…։ Քիչ անդին ապրող թուրք դրացուհիի մը այս բառերը կը զարնուին ականջին: Թրքուհին ականատես եղած էր Անուշին ապրած ողբերգութեան եւ անոր վրայ ծռած՝ կը փորձէր զայն համոզել, որ առանց ակնթարթ մ՚իսկ կորսնցնելու կորսուի մէջտեղէն ու անհետանայ:

Ուրիշ ընելիք չէր մնացած որդեկորոյս հայ կնոջ...: Ան փախուստ կու տայ դէպի Խարբերդ, իր քրոջ՝ Եւային մօտ, սակայն, սեւ բախտը հոն իրմէ առաջ հասած ըլլալուն, երկու հայ քոյրեր, նման բազմահազար հայերու, բռնի կը տեղահանուին եւ կ՛իյնան գաղթի ճամբան...

-Ո՞ւր եմ ես, ո՞ւր եմ ես, ա՜խ գլուխս, ա՜խ ուսս, ո՞ւր է քոյրս, Եւա՜ն...

Ճանճերու զզուելի բազմութիւն մը կը թառէր Անուշի դէմքին վրայ, իսկ անապատի տաք արեւը կը խանձէր անոր մարմինը: Կնոջ շուրջ ծաւալող դիակներուն գարշահոտը՝ սթափեցնող ապտակի մը նման, զինք ուշքի կը հրաւիրէ: Յիշողութեան մէջ վերջին արձանագրութիւնը իր դիմադրութիւնն էր թուրք ոստիկանի հարուածներուն, ապա ստացած կացինի երկու հարուածները, մէկը՝ ուսին, միւսը՝ գլխուն:

Ահա՛ նոր գողգոթայի մը դուռը լայն կը բացուէր Անուշին դիմաց: Կարծես բաւարար չէին իր սիրտը կրծող վիշտերը, եւ հիմա վրայ կը հասնէին իր մարմինը ջլատող՝ կացինի հարուածները։ Բարեբախտաբար, Եւան կրցած էր փախչիլ եւ ժայռի մը ետին պահուըտելով՝ զերծ մնալ թրքական խոշտանգումներէ: Նախախնամութեան մէկ բարիքն էր, որ Եւա ապրի ու ստանձնէ հոգեկից փրկարարի դերը, խնամէ իր քրոջ վէրքերը, ամոքէ վիշտերը եւ օգնէ անոր՝ հատելու ահռելի երկար ու դժուար՝ կեանքի նոր ճամբան... եւ վերջապէ՜ս ապաստանիլ Լիբանանի գաղթակայաններէն մէկուն մէջ:

Անուշին ապրիլը հրաշքի համազօր էր: Անոր կացինահարուած գլխուն վէրքը անապատի կիզիչ արեւին տակ յաճախ արիւնահոսեցաւ, բորբոքեցաւ, որդնոտեցաւ…։ Գաղթի ճամբուն վրայ, Անուշին պէս սովամահ շատ-շատ հայեր սնուած են իրենց վէրքերուն վրայ գոյացած որդերով, ձիերու թրիքին մէջէն վերցուած գարիի հատիկներով. մարդկային անպատմելի՜ ողբերգութիւն...

***

Լիբանանի մէջ, գաղթակայաններու պայմաններն ալ աննկարագրելիօրէն անբարենպաստ էին. տարրական անհրաժեշտութիւններու չգոյութիւն, համաճարակներու տարածում, մեծաթիւ մահեր…։ Ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, հայեր իրենց հաւատքի՛ ուժով, յուսալից ապագայի տեսլականով եւ անկոտրում կամքով պայքարեցան վասն վերականգնման եւ գոյատեւման: Նման դառնագոյն պայմաններուն մէջ նաեւ հայ նոր ընտանիքներ կազմուեցան: Երէց սերունդի անդամներ կը միջնորդէին, որ երիտասարդ վերապրողները գտնեն իրենց զոյգը եւ միասնաբար կերտեն ապագայ նոր սերունդ, որ պիտի յատկանշուէր իր կենսունակութեամբ, հայկականութեամբ եւ ըսէր՝ «Ո՛Չ», իր ազգը բնաջնջել ցանկացող դահիճներուն...

Անուշ մէկն էր այդ երիտասարդ այրիներէն. զայն կը ծանօթացնեն Յովհաննէսին: Անոնք իրենց վիրաւոր գլուխները կը միացնեն Տիրոջ խաչին տակ եւ կ՚երդնուն կերտել հայկական նոր օճախ մը՝ արծուաբոյն մը, ուրկէ դէպի կեանք պիտի ճախրեն իրենց նոր ձագուկները...: Աստուծոյ շնորհքով Յովհաննէս-Անուշ ամոլը կը բախտաւորուի երկու զաւակով՝ Յակոբ եւ Սառա, որոնք կ՛ապրին եւ իրենց ծնողաց կը շնորհեն 14 թոռներ, ապա լոյս աշխարհ կու գան 35 ծոռներ: Տիկին Անուշին շառաւիղը մինչեւ օրս ալ կ՚աճի եւ նոր ոստեր կ՚արձակէ:

1978-ին էր, որ Անուշ իր ութսուներեքերորդ տարեդարձին մեկնեցաւ այս աշխարհէն, իր ետին թողած Խարբերդէն դէպի Լիբանան երկարող տաժանակիր ոդիսական մը եւ զարմանահրաշ յարութիւն մը, միշտ ճակատին՝ այդ սեւ, «խորհրդաւոր» սպին: Ան կ՛երթար միանալու իր կարօտալի հոգեհատորներուն՝ երկնային «եաւրը»ներուն։

 

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...