image

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 33-րդ Նաւասարդեան Խաղերը՝ Շիքակոյի Մէջ 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 33-րդ Նաւասարդեան Խաղերը՝ Շիքակոյի Մէջ 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կու գայ տեղեկացնելու, որ Շիքակոյի մասնաճիւղը պիտի հիւրընկալէ 33-րդ Նաւասարդեան խաղերը, Յուլիս 3-էն 6, 2025-ին:

Շիքակոյի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու համայնքը պատրաստ են ընդունելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մարզիկներն ու ընտանիքները մրցակցութեան եւ խնճոյքի: Վայր՝ Westin Chicago Northwest (400 Park Blvd, Itasca, IL) պանդոկի յատուկ գինն է $144 (+ տուրք): Մասնակցողները եւ ընտանիքները իրենց սենեակները կրնան ապահովել այցելելով Նաւասարդեան Խաղերու կայքէջը  navasartianeusa.com:

Խաղերը տեղի պիտի ունենան Canlan Sports մրցավայրին մէջ, 28156 W Northpointe Pkwy, Barrington, IL։ Մարզիկներուն արձանագրութիւնները եւ խրախճանքներուն յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի յայտարարուի մօտ ապագային: