Սեպտեմբերի 27-ին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ կայացած են Լոռիի մարզի Թումանեան եւ Լերմոնտովո, Արմաւիրի մարզի Ֆերիկ եւ Կոտայքի մարզի Արզնի համայնքներուն մէջ։ Այս մասին յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։
Թումանեանի մէջ ընտրութիւնը անցած են առանց ընդդիմութեան․ առաջադրուած միակ քաղաքական ուժը իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է։ ՔՊ-ի ցուցակը գլխաւորած է համայնքի գործող ղեկավար Սուրէն Թումանեանը։
Հինգ տարի առաջ Թումանեան համայնքի ղեկավար ընտրուած էր իշխանամէտ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ցուցակով՝ յաղթելով ՔՊ-ի թեկնածուին։ Այս անգամ ան արդէն իշխող կուսակցութեան ցուցակով մասնակցած է ընտրութիւններուն՝ առանց մրցակիցի։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաղորդած է, որ Ժամը 20:00-ին աւարտած է ՏԻՄ ընտրութիւններու քուէարկութիւնը։
Մասնակցութեան արդիւնքները ժամը 20:00-ի դրութեամբ ըստ համայնքներու եղած են հետեւեալը՝
Արմաւիրի մարզի Ֆերիկ համայնք-57.06%
Լոռիի մարզի Թումանեան համայնք-59.96%
Լոռիի մարզի Լերմոնտովո համայնք-35.29%
Կոտայքի մարզի Արզնի համայնք-45.20%