image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն թեւակոխած են յարաբերութիւններու պատմականօրէն աննախադէպ փուլ. Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն թեւակոխած են յարաբերութիւններու պատմականօրէն աննախադէպ փուլ. Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները ռազմավարական գործընկերութիւնը բարձրացուցած են նոր մակարդակի՝ այն վերանուանելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութիւն։

Այս մասին  յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոի հետ համատեղ յայտարարութեան ընթացքին։

Միրզոյեանը նշած է, որ Երեւան կատարուած այցը կը վկայ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն ամրապնդելու յանձնառութեան մասին։

«Մեր երկու երկրների միջեւ համապարփակ ռազմավարական յարաբերութիւնները այսօր առաւել ամուր են, քան երբեւէ։ Չափազանցութիւն չի լինի ասել, որ մենք թեւակոխել ենք պատմականօրէն աննախադէպ մի փուլ՝ հաշուի առնելով մեր երկկողմ օրակարգում յաճախակի պարբերական զարգացումները»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Անոր խօսքով՝ առանցքային իրադարձութիւններէն մէկը եղած է 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթնաժողովը, որ հիւրընկալած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

Միրզոյեանի խօսքով՝ այդ գագաթնաժողովին հնարաւոր դարձած է հաստատել խաղաղութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ ձեռք բերել պայմանաւորուածութիւններ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ։

Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է նաեւ, որ 2026 թուականի յունուարին Ուաշինկթընի մէջ ինքը եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն ստորագրած են «TRIPP» նախագիծի իրականացման շրջանակի վերաբերեալ փաստաթուղթ, իսկ այժմ Երեւանի մէջ նախաստորագրուած է արդէն միջպետական համաձայնագիրը։

«Այս տարուայ արդէն յունուարի սկզբին ես եւ իմ յարգելի գործընկեր պետքարտուղար Ռուբիոն Վաշինգտոնում ստորագրեցինք «TRIPP» նախագծի իրականացման շրջանակի մասին մի նոր փաստաթուղթ, եւ կրկին ընդամէնը մի քանի ամիս անց այսօր՝ մայիսին, Երեւանում մենք կարողացանք նախաստորագրել արդէն միջպետական համաձայնագիրը «TRIPP» ծրագրի վերաբերեալ»,- նշած է Միրզոյեանը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները արդէն ունին ստորագրուած եւ ստանձնած յանձնառութիւններ արհեստական բանականութեան, կիսահաղորդիչներու եւ միջուկային ուժանիւթի ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նոր փաստաթուղթ ստորագրուած է հանքանիւթերու եւ կարեւոր ռազմավարական հանքանիւթերու վերաբերեալ։

Միրզոյեանը յատուկ ընդգծած է նաեւ ռազմավարական գործընկերութեան ձեւաչափի փոփոխութիւնը։

«Մենք պետքարտուղար Ռուբիոյի հետ միասին քիչ առաջ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը բարձրացրեցինք նոր մակարդակի՝ վերանուանելով այն համապարփակ ռազմավարական գործընկերութիւն»,- ըսած է ան։

Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ նոր փաստաթուղթը հարստացուած է նոր հնարաւորութիւններով, մասնաւորապէս՝ արհեստական բանականութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասով։

Միրզոյեանը նաեւ բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմի դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ։

«Ուզում եմ մէկ անգամ եւս սա կարեւորել եւ բարձր գնահատել նախագահ Թրամփի եւ նրա ամբողջ վարչակազմի՝ պետքարտուղար Ռուբիոյի, բոլոր միւսների դերը եւ նուիրուածութիւնը Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան հաստատման գործընթացում եւ Հայաստանի համար ոչ միայն անվտանգային, այլեւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւնների ստեղծման հարցում»,-ըսած է ան։