Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, «Ապագայ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Ահմէտ Տաւութօղլուն անդրադարձած է Ղազախստանի իրադարձութիւններուն։
Թրքական T24–ի հաղորդմամբ՝ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ Ղազախստանի իրավիճակի հետ կապուած թրքական աշխարհը անհրաժեշտ քայլեր չ'իրականացներ։ «Ղազախստանի ինքնիշխանութիւնը եւ կայունութիւնը պէտք է Թուրքիոյ ռազմավարական առաջնահերթութիւնը ըլլայ»,–ըսած է Տաւութօղլուն՝ անհանգստացնող համարելով Ղազախստանի կողմէ իրավիճակի կարգաւորման համար ՀԱՊԿ–ին դիմելը, որուն կը նախագահէ Հայաստան։