Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու խումբը եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները այսօր՝ 28 յուլիսին, այցելած են Կոռնիձոր՝ ծանօթանալու Արցախ ուղարկուող մարդասիրական օգնութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
Յուլիս 26-ին Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ մարդասիրական օգնութիւն կ'ուղարկէ Արցախ։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ հայկական կողմը բեռը պիտի հասցնէ Կոռնիձոր, ուրկէ ռուս խաղաղապահներն այն պիտի տեղափոխեն Արցախ։ Օգնութիւնը տեղափոխող բեռնատար մեքենաները դեռ կանգնած են հայկական անցակէտի մօտ։