Երէկ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը յաջող պարեկութիւն իրականացուցած է Հայաստանի հարաւը գտնուող Ներքին Հանդի մէջ՝ գնահատելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին մարդասիրական եւ անվտանգային իրավիճակը:
Այդ մասին նշուած է առաքելութեան դիմատետրեան էջին։
«Առաքելութեան ղեկավարը եւ խումբը հանդիպած են համայնքի ղեկավար Խաչատուր Բաղդասարեանի հետ, որ ջերմօրէն ողջունած է մեզ գիւղին մէջ»,-ըսուած է գրառման մէջ։