image

Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը պարեկութիւն իրականացուցած է Ներքին Հանդի մէջ

Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը պարեկութիւն իրականացուցած է Ներքին Հանդի մէջ

Երէկ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը յաջող պարեկութիւն իրականացուցած է Հայաստանի հարաւը գտնուող Ներքին Հանդի մէջ՝ գնահատելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին մարդասիրական եւ անվտանգային իրավիճակը:

Այդ մասին նշուած է առաքելութեան դիմատետրեան էջին։

«Առաքելութեան ղեկավարը եւ խումբը հանդիպած են համայնքի ղեկավար Խաչատուր Բաղդասարեանի հետ, որ ջերմօրէն ողջունած է մեզ գիւղին մէջ»,-ըսուած է գրառման մէջ։