image

Հայաստանի մէջ այսուհետեւ կանեփ պիտի արտադրուի

Հայաստանի մէջ այսուհետեւ կանեփ պիտի արտադրուի

Կառավարութիւնն իր այսօրուայ՝ 29 ապրիլի նիստին հաւանութիւն տուած է օրէնսդրական փաթեթին, որ թոյլ կու տայ ՀՀ-ի մէջ արտադրական կանեփի արտադրութիւնը, ներմուծումը, արտահանումն ու վաճառքը։

Միեւնոյն ժամանակ արտադրական կանեփի արտադրութեան, վաճառքի համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յատուկ արտօնագիր։

Արտօնագիր ստանալու  համար անհրաժեշտ է, որ դիմողը խախտած չըլլայ թմրամիջոցներու մասին օրէնքը։ Այն անձինք որոնք կը տառապին թմրամոլութենէ կամ կ'ունենան թմրամիջոցներու օգտագործման հետ կապուած դատուածութիւն, չեն կրնար դիմել արտօնագրի:

Կառավարութիւնը նշած է նաեւ, որ արդիւնաբերական կանեփը եղած է մանրաթելերու եւ իւղի արտադրութեան աղբիւր, որ կ'օգտագործուի՝ արտադրական եւ սպառողական բազմազան ապրանքատեսակներու արտադրութեան համար: