Հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովներու ներկայացուցիչները։ Այս մասին յայտնած են ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
Քննարկման ընթացքին կողմերն անդրադարձած են հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորսուած անձանց ճակատագրի պարզաբանմանն առնչուող մարդասիրական հարցերուն։
Հանդիպման շրջածիրէն ներս դիտարկուած են տեղեկատւութեան փոխանակման, ինչպէս նաեւ որոնողական աշխատանքներու կազմակերպման եւ համակարգման հնարաւորութիւնները։
Կողմերը շեշտած են մարդասիրական ոլորտի մէջ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու շփումները՝ ի շահ անյայտ կորսուած անձանց ընտանիքներու։