image

Հայաստանի-Ատրպէյճան բանակցութիւնները ռուս-թրքական հանդիպումներու սեղանին

Հայաստանի-Ատրպէյճան բանակցութիւնները ռուս-թրքական  հանդիպումներու սեղանին

Անգարայի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պուրաք Աքչափարը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած է ուքրանական ճգնաժամը, ներառեալ՝ ատոր քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման հեռանկարները։

«Կողմերը համադրած են իրենց տեսակէտները Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ՝ շեշտելով հայ-ատրպէյճանական կապերու կարգաւորման գործընթացի կարեւորութիւնը եւ ատոր աջակցիլը առաջին հերթին տարածաշրջանային ձեւաչափերու շրջածիրէն ներս»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անդրադարձ եղած է նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հետ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ օրակարգին: