Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանած է «Ամերիկայի Ձայն»-ի՝ Փենթակոնի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ «Defender 23» զօրավարժութիւններու մասնակից երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստանի ընդգրկման վերաբերեալ հարցմանն ու պարզաբանած է, թէ ինչու որոշ ժամանակ անց ՀՀ-ն հեռացուած է այդ ցանկէն։
«Հայաստանի ընդգրկումը («Defender 23» զօրավարժութիւններու մասնակից երկիրներու ցանկին մէջ) պարզապէս Փենթակոնի մամլոյ ծառայութեան ներքին խումբի թոյլ տուած վրիպակ էր: Հայկական կողմը երբեք չէ մասնակցած «Defender 23» զօրավարժութիւններուն եւ պէտք չէ ընդգրկուէր մասնակիցներու ցանկին մէջ»,- նշուած է Փենթակոնի պատասխանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Փենթակոնի խօսնակն ըսած էր, որ մօտ 9000 ամերիկացի զինծառայող պիտի մասնակցի Defender-23 («Պաշտպան 23») զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի սկսին ապրիլ 22-ին, սակայն այս յայտարարութենէն որոշ ժամանակ անց Հայաստանը հեռացուած էր ամերիկեան զօրավարժութեան մասնակից երկիրներու ցանկէն: