image

Հայաստանի ԱԱԾ Տնօրէնի պաշտօնանկութենէն ետք Փաշինեան մեկնաբանութիւն տուաւ

Հայաստանի ԱԱԾ Տնօրէնի պաշտօնանկութենէն ետք Փաշինեան մեկնաբանութիւն տուաւ

Արմէն Աբազեան իմ վարչապետութեան օրօք ամէնէն երկարը մնացած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պաշտօնին եւ աշխատած է ամենաբարդ շրջանին՝ 2020 թուականի նոյեմբերէն: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով հարցին`արդեօք ԱԱԾ տնօրէնի հեռացումը կապ ունի գործարար Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ:

«Նրա պաշտօնաւորման ողջ ընթացքը եղել է չափազանց բարդ: Կարծում եմ՝ նա արժանացել է, որ քիչ հանգստանայ, 5 տարի այդ լարուած պայմաններում աշխատել է ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնում, հասկանում էք, որ հեշտ չէ»,- ըսաւ ան:

Հարցին, թէ հրաժարա՞ծ է որեւէ յանձնարարութիւն կատարելէ, Փաշինեան ըսած է. «Չէր կարող ԱԱԾ տնօրէնը հրաժարուել իմ որեւէ յանձնարարութիւնը կատարելուց»: