image

Հայաստան-Իրան սահմաններու հարցով Ատրպէյճան պէտք չէ «խաղայ կրակի հետ»․ Իրանեան օրաթերթ

Հայաստան-Իրան սահմաններու հարցով Ատրպէյճան պէտք չէ «խաղայ կրակի հետ»․ Իրանեան օրաթերթ

«Իսլամական Հանրապետութիւն» օրաթերթը գրած է «Պաքուի պետական այրերու շահերէն կը բխի «չխաղալ կրակի հետ», որպէսզի ինչպէս նախապէս, կարողանան օգտուիլ Իրանի հետ յարաբերութիւններէն:

Թերթն իր խմբագրականին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը զգուշացուցած է՝ «կրակի հետ խաղալէ»:

Յօդուածին մէջ, ընդգծելով Իրանի ռազմական հզօրութիւնը, հեղինակը գրած է. «Եթէ Իրանի պաշտօնեաները սահմաններուն որոշ տեղաշարժերի վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը յայտնած են յորդորներով, այդ չի նշանակեր, որ անոնք չեն կիրառեր ռազմական ուժ՝ հաւանական սպառնալիքները դիմակայելու համար»:

Անոնք կը նախընտրեն խնդիրները լուծել դիւանագիտական ճանապարհով, որպէսզի չառաջանայ ռազմական ուժ կիրառելու կարիք: Սակայն հարեւանները պէտք չէ չարաշահեն Իրանի համբերութիւնը եւ երկրի ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ քայլ ընեն»:

«Եթէ Պաքուի իշխանութիւնները դիմեն նման քայլի, Իրանի իշխանութիւնները մէկ կողմ կը դնեն յորդորները եւ ռազմական ուժով կը կանխեն հարեւան երկիրներու որոշ ղեկավարներու չար մտադրութիւնները, որոնք նոյնիսկ սեփական ժողովուրդի մօտ հեղինակութիւն չեն վայլեր»,– գրած է յօդուածագիրը։

Թերթը գրած է, որ «այն, ինչ Իրան-Հայաստան սահմանի վերաբերեալ յայտարարած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները, յստակ քաղաքականութիւն է, որ կ'իրականացնէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Պաքուի իրենց գործընկերներու հետ իրանցի դիւանագէտներու վարած բանակցութիւններու նպատակն է կանխել Իրան-Հայաստան սահմանային շրջանները գրաւելու եւ երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւնը կտրելու դաւադիր ծրագիրը։

«Պաքուի պաշտօնեաները պէտք չէ մտածեն, թէ դատարկ յայտարարութիւններով կրնան զբաղցնել իրանցի պաշտօնեաները եւ իրականացնել սահմանային շրջանները գրաւելու եւ Իրանը յստակ գործողութիւններու մղելու դաւադիր ծրագիրը: Անոնք պէտք է իմանան, որ մեր դիւանագիտութեան լեզուն ունի հզօր ռազմական յենարան, որ կրնայ գործել որեւէ պահու եւ զսպել որեւէ դաւադրութիւն»,– ըսուած է յօդուածին մէջ։