image

Հայ-Թրքականի թեմայով Ուաշինկթըն դրական է եւ վճռական

Հայ-Թրքականի թեմայով Ուաշինկթըն դրական է եւ վճռական

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնն իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը։

«Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ'աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ողջ տարածաշրջանի վրայ: Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծցնելու տարածաշրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, որ շահաւէտ է բոլորի համար: Այն յատկապէս կարեւոր է այսօր՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ: Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է աջակցելու այս կարեւոր երկխօսութեան այնպէս, ինչպէս երկու կողմերը կը համարեն պատշաճ»,- նշուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան արձագանգին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 11 յուլիսին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Ղեկավարներն ընդգծած են իրենց երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմ գործընթացի կարեւորութիւնը, որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Անոնք ակնկալիք յայտնած են, որ 1 յուլիսին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի պիտի կոչուին: