image

Հաւատքի նորոգ շունչ Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէջ.Վերանորոգուած եւ օծուած է մատուրի Սուրբ Սեղանը

Հաւատքի նորոգ շունչ Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէջ.Վերանորոգուած եւ օծուած է  մատուրի Սուրբ Սեղանը

Ազունիէի Ազգային Բուժարանի մատրան մէջ տեղի ունեցած սրբազան վերաօծման արարողութիւնը դարձաւ հաւատքի եւ հոգեւոր վերանորոգութեան բացառիկ պահ մը։
Միաբան հայրերու ներկայութեամբ եւ եկեղեցական աւանդութեան ամբողջ շուքով, սրբագործուեցաւ Սուրբ Սեղանը եւ տէրունի սրբապատկերը։
Այս խորհրդաւոր առիթը նաեւ առիթ եղաւ վերանորոգելու բնակիչներուն հոգեւոր կեանքը եւ ամրապնդելու համայնքային կապերը։

 Նշենք, որ   Ազունիէի   Հայ Ազգային Բուժարանի գործունէութեան   կազմակերպման   առընթեր  կեդրոնական  աշխատանք կը տանին  հիմնարկի տնօրէն՝ Տիար  Տաճատ Սրապեան եւ  հիմնարկի  Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Յակոբ  Լատոյեան։

Ստորեւ այդ հոգեպարար արարողութեան մասին «Կիլիկիա» հարթակին  հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, միաբան հայրերու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանի, այցելեց Ազունիէ, ուր Ազգային Բուժարանի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սեղանի վերաօծումը եւ տէրունի սրբապատկերի օծումը։ Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան անդամները եւ տեղւոյն հոգատարութեան յանձնուած արժանի մեծ հայրիկներ ու մայրիկներ։ Արարողութեան միացան նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայ հայրեր։

Սաղմոսներով եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով հարստացած արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ աւանդական լուացումը՝ գինիով եւ ջուրով, ուղեկցութեամբ շարականներու մեղեդային երգեցողութեան։ Ապա, վերաօծման եւ օծման հոգեթով աղօթքներու ներքոյ, Տաճատ եպիսկոպոս Սուրբ Միւռոնով օծեց Սուրբ Սեղանը, ինչպէս նաեւ տէրունի սրբապատկերին ճակատը եւ աջ ու ձախ կողմերը։

Արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբապատկերի նուիրատուին, լիբանանահայ արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի քրոջ դուստրին՝ Թալին Գանլէճեանի, մատրան վերանորոգութեան նիւթապէս աջակցողներուն, ինչպէս նաեւ Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան, որոնք սիրայօժար կերպով ընդունեցին այս նախաձեռնութիւնը՝ պահպանելու եւ վառ պահելու հաւատքի ոգին այնտեղ բնակող մեր մայրիկներուն ու հայրիկներուն կեանքին մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներու մատուցումը պիտի նպաստէ անոնց հոգեւորապէս զօրացման եւ ներքին խաղաղութեան։ Այս առիթով սրբազան հայրը փոխանցեց Նորին Սրբութեան հայրապետական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։