image

Հարաւային Կովկասի մէջ ուժով աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան որեւէ փորձի պիտի դիմադարձենք. Վիլայաթի

Հարաւային Կովկասի մէջ ուժով աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան որեւէ փորձի պիտի դիմադարձենք. Վիլայաթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի նախազգուշացուցած է, որ Իրան անտարբեր պիտի չմնայ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագրի գործարկման փորձերուն հանդէպ, եթէ այդ ծրագիրը սպառնայ Իրանի կամ շրջանի շահերուն։

Ընկերային ցանցերուն մէջ կատարած գրառումով Վելայաթի արձագանգած է այս ծրագրի շուրջ «նոր աշխուժութեան»՝ շեշտելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ ուժով իրականացնելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ Իրանի կոշտ պատասխանին։

«Իրան անտարբեր չէ ո՛չ իր ազգային շահերուն, ո՛չ ալ շրջանի կայունութեան նկատմամբ։ Ամէն երկիր՝ ըլլայ ան շրջանի անդամ կամ արտաքին, եթէ փորձէ կրկնել նախապէս արդէն ձախողած քայլերը, պիտի հանդիպի մեր վճռական ու անզիջում արձագանգին», – գրած է Վելայաթին։

Tehran Times թերթը կը գրէ, թէ «Տարածքը, որ կը նկատուի որպէս միջանցք (Սիւնիքի հարաւային շրջանը – խմբ.), դարեր շարունակ կը սահմանակցի Իրանին։ Եթէ այս միջանցքը իրականացուի, այն, ըստ փորձագէտներուն, պիտի գործէ ոչ իբրեւ ինքնիշխան փոխադրային ուղի, այլ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վերահսկողութեան ներքոյ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հաշուոյն»։