image

Համակեցութիւնը անհրաժեշտութիւն է. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Համակեցութիւնը անհրաժեշտութիւն է. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Երկար տա­րիներ ան­ցան։ Մեր ման­կութեան ժա­մանակ­նե­րուն ըն­տա­նիքի աւագ­նե­րը իրար հետ կը զրու­ցէին բազ­մաբնոյթ նիւ­թե­րով։ Մենք ալ իրենց շուրջ նստած, լուռ ու մունչ կը հե­տեւէինք անոնց խօ­սակ­ցութեան։

Քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը խօ­սուէր որոշ գաղտնու­թիւննե­րով։ Շու­տով սոր­ված էին թէ «կար­միր» ըսե­լով կ՚ակ­նակլո­ւի Խորհրդա­յին Միու­թիւն, կամ ո՞վ է «խու­լը»։

Անոնք յա­ճախ կը ճա­ռէին մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան առնչո­ւած նիւ­թե­րու մա­սին, միշտ առանցքին դնե­լով հա­յու­թիւնը։

Եր­բեմն ալ խորհրդա­ծու­թիւններ կ՚ընէին «եթէ» ով սկսող նա­խադա­սու­թիւններ կազ­մե­լով։

Կը յի­շեմ նիւ­թը։ Բայց չեմ յի­շեր թէ ո՞վ, մեծ հայրս Վար­դա­նը՞ Եղիա մօր­քուրայր՞ը թէ ոչ ու­րիշ մըն էր, գոր­ծա­ծեց «իրենց տեղ եթէ մենք ըլ­լա­յինք, շատ աւե­լի ան­հանդուրժող կը գոր­ծէինք»։ Են­թա­կան՝ որ կը ներ­կա­յանար «մենք» ածա­կանով, երկրի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րէն հա­յերս էինք։ Ու­րեմն հար­ցադրու­մը կ՚առա­ջար­կէր փո­խել դիր­քե­րը եւ տես­նել թէ եթէ հա­յը ըլ­լար մե­ծամաս­նութիւն եւ իշ­խող տարր, ի՞նչ կ՚ըլ­լար ու­րիշնե­րու հան­դէպ վար­մունքը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըն­դունէր այ­լա­դաւան­նե­րը։

Այս սե­րունդի մար­դիկ հա­մաձայ­նած էին թէ շատ աւե­լի ան­հանդուրժող պի­տի ըլ­լար հայ­ը, եթէ յա­ջողած ըլ­լար տի­րապե­տել տար­բեր ազ­գե­րու վրայ։

Դժո­ւար ըն­դունե­լի են­թադրու­թիւն մըն է այս, քա­նի որ չու­նի բա­ւակա­նաչափ նա­խադ­րեալ­ներ։ Հա­յը միշտ մնաց իր սահ­մաննե­րուն մէջ եւ փոր­ձեց հա­մերաշ­խութիւն պա­հել ու­րիշնե­րու հետ։ Չենք գի­տեր սա­կայն թէ ի՞նչ էր Տիգ­րան Մե­ծի վար­քը, իր նո­ւաճած եր­կիրնե­րու բնա­կիչ­նե­րուն հան­դէպ։

Գի­տենք թէ Կաղ Թի­մու­րը կամ Ճին­կիզ Խա­նը իրենց ետին դիակ­նե­րու բլուրներ թո­ղելով շա­րու­նա­կեցին ար­շաւնե­րուն։ Գի­տենք թէ Շախ Ապաս Ջա­ւախ­քի ողջ հա­յու­թիւնը բռնի կեր­պով տա­րաւ Պարսկաս­տան, օգ­տուելու հա­մար անոր շի­նարա­րական կա­րողու­թե­նէն։ Իսկ ի՞նչ ըրաւ Տիգ­րան Մեծ, ծո­վից ծով Հա­յաս­տան կա­ռու­ցած օրե­րուն։

Երբ պատ­մութեան բե­մը ելան ազ­գա­յին պե­տու­թիւննե­րը, իւ­րա­քան­չիւր ազգ իր աւան­դութեան հա­մապա­տաս­խան տէ­րու­թիւն կազ­մեց։ Ոմանք ցե­ղաս­պան ըլ­լա­լով ան­ցան պատ­մութեան էջե­րուն, ոմանք խառ­նա­րանի մը վե­րածո­ւեցան։ Եթէ առա­ջին եր­կուքին օրի­նակ կրնանք բե­րել Թուրքիան եւ Գեր­մա­նիան, խառ­նա­րանին օրի­նակն էր Ֆրան­սա եւ այլ Եւ­րո­պական եր­կիրներ։ Ան­դին կան հա­մակե­ցու­թեան օրի­նակ­ներ եւս։ Այդպի­սիներն են Լի­բանա­նը, Կիպ­րո­սը, Թի­թոյի ձե­ւաւո­րած Եու­կոսլա­ւիան։ Այս երեք օրի­նակ­ներն ալ թէ ազ­գայնա­կան թոյ­նով, եւ թէ դուրսէն եկած դա­ւադիր դրդումնե­րով կորսնցու­ցին իրենց հա­մերաշխ հա­մակե­ցու­թիւնը։

Նոր ժա­մանակ­նե­րը դար­ձեալ կը պար­տադրեն տար­բեր ժո­ղովուրդնե­րու հա­մակե­ցու­թիւնը։

Խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հա­մար ալ փոր­ձի նոր դաշտ մըն է։ Են­թարկո­ւի՞լ ազ­գայնա­կան­նե­րու այ­լա­մեր­ժութեան, թէ ոչ ստեղ­ծել հա­մակե­ցու­թեան խա­ղաղ միջավայրը։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»