image

Մտորումներ թափառական հրեայի մասին (Ա). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Մտորումներ թափառական հրեայի մասին (Ա). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Ծանր, բա­ւակա­նին ծանր բեռ մը ըլ­լա­լու է դա­ւանիլ կրօն­քի մը, միշտ շրջա­պատո­ւած ըլ­լա­լով այ­լա­դաւան հա­սարա­կու­թիւննե­րու հետ:

Մարդկա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ կրօ­նային ու մշա­կու­թա­յին տար­բե­րու­թիւննե­րը խտրա­կանու­թեան մե­ծագոյն գոր­ծօններն են:

Այդ խտրա­կանու­թիւնը դա­րեր շա­րու­նակ իրենց մաշ­կին վրայ զգա­ցած եր­կու ցե­ղեր են գնչու­նե­րը եւ հրեանե­րը: Հայ­րե­նակո­րուս այս ցե­ղերը տա­րածո­ւած են աշ­խարհով մէկ, ամե­նու­րէք այլ, օտար, ու­րիշ հա­մարո­ւելով:

Բազ­մաբնոյթ յան­ցա­գոր­ծութիւններ իրենց վե­րագ­րո­ւած են, որոնց հե­տեւան­քով ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին դար­ձած են քա­ւու­թեան նո­խազի:

Այս հան­գա­ման­քի բեր­մամբ բա­ցի տար­բեր ժո­ղովուրդնե­րու կող­մէ ար­հա­մար­հո­ւելէ, բա­զում իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ են­թարկո­ւած են անար­դար պատ­ժա­միջոց­նե­րու, հա­լածանքնե­րու, նոյ­նիսկ զան­գո­ւածա­յին սպանդնե­րու եւ աք­սո­րի:

Հրեաներ եւ գնչու­ներ տո­ւեալ պայ­մաննե­րու տակ չու­նե­ցան զար­գա­նալու կամ հարստա­նալու, բար­գա­ւաճե­լու առիթ: Միայն իրենց խիստ տա­ղան­դա­ւոր զա­ւակ­նե­րը երաժշտու­թեան, գե­ղարուես­տի, գրա­կանու­թեան, գի­տու­թեան եւ փի­լիսո­փայու­թեան նման նիւ­թե­րով մէջ մեծ ներդրում ու­նե­ցան հա­մաշ­խարհա­յին ճա­շակի ու մշա­կոյ­թի զար­գացման մէջ:

Իսկ հրեայ եւ գնչու հա­սարա­կու­թիւննե­րու ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը դա­րեր շա­րու­նակ հար­կադրո­ւեցաւ չքա­ւորու­թեան պար­տադրած զրկանքնե­րը յաղ­թա­հարե­լու:

Հա­մաշ­խարհա­յին անար­դա­րու­թեան զո­հերն էին հրեանե­րը եւ գնչու­նե­րը: Երբ բա­զում ժո­ղովուրդներ միջ­նա­դարեան խա­ւարէն դուրս գա­լով ձե­ւաւո­րեցին ազ­գա­յին միաս­նութիւն, հրեաներ եւ գնչու­ներ շա­րու­նա­կեցին ցե­ղախումբի մը նեղ սահ­մաննե­րու ձե­ւաչա­փով ներ­կա­յանալ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան, առաջ­նորդ ու­նե­նալով իրենց ռա­բինե­րը եւ ցե­ղապե­տերը:

Հրէից հա­մար ազ­գի ձե­ւաւոր­ման հիմ­քը եղաւ Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան հիմ­նադրու­մը 1948-ին: Այդ միաս­նութեան տա­նիքի շնոր­հիւ եբ­րա­յերէ­նը կրկին ծաղ­կե­ցաւ ու դար­ձաւ ազ­գա­յին հա­սարա­կական լե­զու: Եւ­րո­պայի զա­նազան եր­կիրնե­րէն, Ռու­սաստա­նէն, Հիւ­սի­սային կամ Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յէն, Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կայէն եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի զա­նազան եր­կիրնե­րէ ներ­գաղթած հրեաներ այստեղ շնոր­հիւ պե­տակա­նու­թեան, ձե­ւաւո­րեցին բազ­մամշա­կու­թա­յին յատ­կութիւննե­րով օժ­տո­ւած ազ­գի մը դի­մագի­ծը:

Ինչպէս երկրա­գունդի բո­լոր եր­կիրնե­րը, Իս­րա­յէլի հա­սարա­կու­թիւնն ալ կը բաղ­կա­նայ տար­բեր շեր­տե­րէ: Գոր­ծա­տիրոջ մը, հո­ղագոր­ծի մը կամ բա­նուո­րի մը, ու­սուցի­չի մը եւ սպա­յի, ոս­տի­կանի աշ­խարհըն­կա­լու­մը, ակնկա­լու­թիւնը եւ երկրի ապա­գայի մա­սին պատ­կե­րացու­մը բնա­կանա­բար պի­տի տար­բե­րին իրար­մէ: Բայց այդ զա­նազա­նու­թեան կող­քին կայ այլ ազ­դակ մը, որ կը կազ­մէ հաս­րա­կաց յայ­տա­րարը: «Ան­գամ մըն ալ եր­բեք» հաս­կա­ցողու­թիւնն է ան, որուն մա­սին կը շա­րու­նա­կենք յա­ջորդ յօ­դուածով:

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»