image

Հալէպի զաւակներէն՝ արուեստագէտ Յակոբ Ժամկոչեանի յիշատակին ցուցահանդէս բացուած է (Լուսանկար)

Հալէպի զաւակներէն՝ արուեստագէտ Յակոբ Ժամկոչեանի յիշատակին ցուցահանդէս բացուած է (Լուսանկար)

Հալէպի մէջ, օրերս տեղի ունեցած է արուեստագէտ երկրչփ. Յակոբ Ժամկոչեանին աւելի քան 25 գծագրական ստեղծագործութիւնները ցուցադրող եւ անոր յիշատակը անմահացնող ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երեքշաբթի, 21 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի նահանգապետին հովանաւորութեամբ եւ Սոնիա Գաբրիէլեանի եւ Իսա Թումայի  կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող արուեստագէտ երկրչփ. Յակոբ Ժամկոչեանին աւելի քան 25 գծագրական ստեղծագործութիւնները ցուցադրող ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան։ Ցուցահանդէսը կը կրէր «Խոստումը» խորագիրը։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։

Պատուիրակութեան անդամները, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին օրհնութիւնները եւ քաջալերանքը փոխանցեցին տաղանդաւոր արուեստագէտին տիկնոջ Ռիթա Քիւրիւմլեան-Ժամկոչեանին եւ գնահատեցին կազմակերպող մարմինը, որ նման ցուցահանդէսով լուսարձակի տակ կ՚առնէ եւ կ՚անմահացնէ արուեստագէտին եզակի գործերը։