image

Կիպրոս. Հայազգի պատգամաւոր Վարդգես Մահտեսեանն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Լիմասոլի հրդեհներէն տուժածներուն (Լուսանկար)

 Կիպրոս. Հայազգի պատգամաւոր Վարդգես Մահտեսեանն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Լիմասոլի հրդեհներէն տուժածներուն (Լուսանկար)

Օրերս Կիպրոսի մէջ ծագած ծանրակշիռ անտառային  հրդեհներն ու անոնց հետեւանքները կը շարունակեն մնալ օրակարգի նիւթ։

Այս առումով ալ «Արեւելք»ի աղբիւրին համաձայն Կիպրոսի Խորհրդարանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան հանդէս եկած է գործնական նեցուկով նիւթական իր աջակցութիւնը ցուցաբերելով այդ շրջանին մէջ տուժած  քաղաքացիներուն։

Մահտեսեան այս առումով ալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 

Խոր ցնցումով կը հետեւինք անցնող երկու օրերու ահաւոր հրդեհներուն, որոնք աւեր կը գործեն Լիմասոլի եւ Պաֆոսի լեռնային շրջաններուն մէջ, հրոյ ճարակ դարձնելով գիւղեր, անտառներ եւ այլ վայրեր։ Կան նաեւ զոհեր եւ վիրաւորեալներ։

Պետութիւնը իր պատկան մարմիններով գերմարդկային ճիգ կը թափէ սանձելու համար կրակը, որ կը շարունակէ տարածուիլ սաստիկ հովերուն պատճառաւ։ 

Ծանր այս կացութեան դիմաց, վնասները մեղմելու նպատակաւ օժանդակութեան կոչին ընդառաջելով Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան 5000 եւրոյի անձնական նուիրատուութիւն մը կը կատարէ գաղութին անունով։