Վարչապետի ինքնաշարժի շարասիւնի ղեկավար Արամ Նաւասարդեանը մեղաւոր ճանչցուած է յղի Սոնա Մնացականեանի վրաերթի գործով:
Յուլիս 30-ին Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը յայտարարած է, որ «ապացուցուած են մեղադրեալի կողմից արարքները կատարելու հանգամանքները»։
Դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանը յայտնած է, որ գործով լրացուցիչ դատալսումները նշանակուած են օգոստոս 13-ին։ Այդ օրը պիտի որոշուի պատժաչափը։
Արամ Նաւասարդեանի նկատմամբ խափանման միջոցը՝ երկրէն բացակայելու արգելքը մնացած է անփոփոխ։
Յիշեցնենք, որ Փաշինեանի ինքնաշարժի շարասիւնը 2022-ի ապրիլ 26-ին Լէո-Պարոնեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ վրաերթի ենթարկած էր Երեւանի բնակիչ 29-ամեայ Սոնա Մնացականեանը, որ յղի էր: Ան հիւանդանոց տեղափոխուած էր մահացած վիճակի մէջ։
Նշենք, որ ամբաստանեալ Արամ Նաւասարդեանը մեքենայի վարորդն է, որ վրաերթի ենթարկած էր Սոնա Մնացականեանը, ան այս 3 տարիներու ընթացքում կալանաւորուած չէ եղած: