image
Հրատապ լուրեր:

Նիւ Եորք. Կոստանեան Պաղեստինի հայուհի Արտաքին գործոց նախարարին հետ Կովկասեան իրավիճակը քննարկած է

Նիւ Եորք. Կոստանեան Պաղեստինի հայուհի Արտաքին գործոց նախարարին հետ Կովկասեան իրավիճակը քննարկած  է

Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը եւ Պաղեստինի արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերով պետնախարար Վարսէն Աղաբեկեանը։ Այս մասին յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Հանդիպումը կայացած է յուլիս 29-ին Նիւ Եորքի մէջ ընթացող «Երկու պետութիւն սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» նուիրուած նախարարական համաժողովի շրջածիրէն ներս։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին, միտքեր փոխանակած են հնարաւոր համատեղ ծրագրերու շուրջ: Գոհունակութեամբ արձանագրուած է պաղեստինցի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցի կողմէ իրականացուած օտարերկրեայ դիւանագէտներու վերապատրաստման ծրագրին:

Վահան Կոստանեանը եւ Վարսէն Աղաբեկեանը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներու վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը Պաղեստինի Պետութիւնը ճանչցած է 2024-ին: