Պոլսոյ «Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Այսօր ոգեկոչման օր է «Մարմարա»ի ընտանիքին համար։ Հինգ տարի առաջ, Քորոնայի համաճարակի ամենադաժան շրջանին յաւիտենական հանգստի ճամբան բռնեց թերթիս երկարամեայ աշխատակից, մեր Խմբագրապետի դասընկեր եւ հաւատարիմ գրչեղբայր, բանաստեղծ, ուսուցիչ եւ մտաւորական Տոչ. Տօքթ. Վարդ Շիկահեր։ Իր մահուան տարելիցը դարձեալ կարօտալի յուշեր կ'արթնցնէ մեր բոլորի մօտ, որպէս հայ մտաւորականի կենդանի կերպար։
Միայն սրտաբան բժիշկ չեղաւ Վարդ Շիկահեր։ Միայն «սիրտեր» չդարմանեց, այլ իր բեղուն գրիչով ընթերցասէրները գրաւեց, իր բանաստեղծութիւններով, արձակով ու յուշագրութիւններով պոլսահայ գրականութեան էջերը լեցուց, քնարական աշխարհ մը ստեղծեց «Շիկահեր» ստորագրութեամբ։ Գրական իր դիմանկարի կողքին, շատերու կեանքին դպաւ որպէս ուսուցիչ ու դաստիարակ։
Տարիներ շարունակ հայերէնի ու գրաբարի ուսուցիչ եղաւ Էսաեան ու Մխիթարեան վարժարաններու մէջ։ Մեծ ազդեցութիւն գործեց իր ժամանակակիցներու վրայ, դարձաւ Ռ. Հատտէճեանի, Զարեհ Խրախունիի, Արամ Գամպուրեանի, Զահրատի, Օննիկ Ֆըչըճեանի հաւատաւոր գրչեղբայրը եւ անոնց հետ ձեւաւորեց պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ընտիր փաղանգը։
Այսօր, 5 տարի անց, անկասկած կրնանք ըսել որ Վարդ Շիկահերը անցաւ մնայունի սահմանը, վերածուելով ներշնչումի աղբիւրի՝ բոլոր անոնց համար որոնք հայ ոգին կը կրեն իրենց սիրտերուն տակ։
Մեր ականջներուն մէջ հեռուէն արձագանգներ կը բերէ մաքրամաքուր հայերէնով իր քաղցր ձայնը, աչքերու առջեւ կը պատկերանայ իր գեղեցիկ դէմքը, իսկ խմբագրատան աշխատասեղաններուն վրայ որպէս վաւերական փաստ կը պահուին մարգարտաշար ձեռագրով իր բանաստեղծութիւնները։ «Պահեցէ՛ք ասոնք, այսպիսի ձեռագրերը հազուագիւտ են, այլեւս ո՛չ մէկը այսքան գեղեցիկ կրնայ գրել այս քաղաքին մէջ». այսպէս կ'ըսէին Պր. Ռոպէրն ու Օր. Մաքրուհին, երբ Վարդ Շիկահեր բանաստեղծութիւն կամ գրութիւն կը ղրկէր թերթի գրական էջերուն համար կամ տօնական առիթներով։ Ահաւասիկ, այդ ձեռագրերը, նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ, հիմա թանկագին մասունքներ են «Մարմարա»ի խմբագրակազմի համար։
Թող լոյս իջնէ ձեր գերեզմանին սիրելի բժիշկ, սիրելի Վարդ Շիկահեր։
ՄԱՐՄԱՐԱ