Կայծակը անմիջապէս առիթէն օգտուելով` զիս, Թովմասն ու այլ ընկեր մը հրաւիրեց ծնողքին սենեակը, սեղանի մը վրայ բարձրացաւ եւ ձեռքը աւելի վեր երկարելով` կտորի մէջ փաթթած ծանր բան մը իջեցուց: Բացաւ կտորը եւ, ո՜վ հրաշք մեր առջեւը կը պարզուէր գերմանական «Mouser» («Մաուզեր») տեսակի պատուական ատրճանակ մը: Առաջին անգամն էր, որ մօտէն ատրճանակ կը տեսնէի: Շատախօսներուն համար ըսեմ, որ փամփուշտ չկար անոր մէջ, հայրը յատուկ պարպած էր ատրճանակը: Այսպէս, մօրը շատ սիրող եւ միշտ իր հայրիկով հպարտ էր մեր ընկերը:
ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՇՃԵԱՆ
Հովիւ Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գանատայի
Մութ ու ցուրտ գիշեր մըն էր Քեպեքի Լաւալ շրջանը, ուր ձիւնը գրեթէ խեղդած էր ամէն թաղ ու ճանապարհ, իսկ տանս շրջապատը` անկենդան ու անապատ, երբ դրան կոչնակը հնչեց: Զարմացած` շտապեցի դէպի դուռս, նախապաշարուած մտածելով, որ միայն արջերը կարող են այս խենթ ու ցուրտ օդին շարժիլ: Բացի դուռը եւ` ո՜վ հրաշք, վաղեմի մանկութեան իմ ընկերս` Կայծակն էր կեցած: Ինչպէս միշտ, դիմագիծը կ՛արտացոլացնէր իր պարզ ու լուսաժպիտ հոգիին խորքը:
«Կայծա՛կ» կանչելով, քիչ մը ձայնիս եղանակաւորումը կարօտի զգացումներով երկարած, ողջագուրուեցանք:
Չհարցուցի, թէ ինչպէ՞ս ես, լա՞ւ ես, այլ առաջին հարցումս եղաւ` «Ինչպէ՞ս գտար զիս այս խենթ կլիմային մէջ», խնդաց ու ըսաւ. «Կուկըլ, Դիմատետր» փնտռեցի ու գտայ»:
Կը ներէք հետեւեալ անձնասէր արտայայտութեան համար, բայց ըսելու եմ, որ Կայծակը ամէնէն առաջ իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան մօտիկ ընկերս էր: Ոչ մէկը կը ճանչնար մարդ արժէքը Կայծակին մէջ աւելի քան ես, եւ կրնամ աւելցնել այստեղ` մեր մանկութեան ընկերը` Թովմաս Թովմասեանը:
Շատ ըսելիքներ ունիմ մեզ իրար կամրջող գեղեցիկ յուշերու մասին, ո՞ր մէկը պատմեմ: Սկսիմ ծոթրինով` «բաց կանաչ զահթերով», զոր շատ կը սիրէի, մանաւանդ մօրդ պատրաստած հացի փաթթոցները, այդ ժամանակ Կայծակը ձկնորս, իսկ ես ձուկի մը պէս զահթերի հացին սիրահարած էի:
Միշտ կը կիսէր իր հացը ուրախութեամբ ու ժպիտով, մի՛շտ: Բարի էր, շա՜տ բարի:
Թովմասն ալ լաւ գիտէ այս մէկը: Փոքիմոնի քարտերով կը խաղայինք, եւ պէտք էր նշանառութեամբ հեռուն կանգնած քարտը վար առնել: Ան, որ գետին ձգէր այդ քարտը, ինք փոքիմոնի բոլոր քարտերուն տէրը կը դառնար: Թովմասը վարպետն էր այդ խաղին, երկրորդը` Կայծակը, իսկ ես` կապ չունէի նշան առնելու հետ: Բայց անգամ մը եւս «սեղանին տակէն», ինչպէս կ՛ըսէ ասացուածքը, իմ լաւ երկու ընկերներս չէին զլանար իրենց շահածին հարիւրին քսանը վերադարձնելու ինծի:
Այս ալ պատմեմ` որպէս մանկունակ անմեղունակ չարութիւն ու գաղտնիք, բայց, հաճիս, ամօ Շանթին չըսէք:
Սովորութիւն դարձած էր, որ տարին քանի մը անգամ դասարանի դասընկերներով կը հրաւիրուէինք ընկերոջս` Կայծակին տունը:
Վկայելու եմ, որ մայրը` Մարալ թանթիկը, համով ճելոներ եւ անուշեղէն կը պատրաստէր: Շանթ ամոն հայրական ոսկի սիրտ ունէր, բայց անշշուկ ու լուրջ էր, ինչպէս կը յիշեմ: Հազիւ մեզ տեսած` Շանթ ամոն ժպտեցաւ ու կարծես տան միջոցը մեզի յանձնելով` տեղ մը գնաց:
Կայծակը անմիջապէս առիթէն օգտուելով` զիս, Թովմասն ու այլ ընկեր մը հրաւիրեց ծնողքին սենեակը, սեղանի մը վրայ բարձրացաւ եւ ձեռքը աւելի վեր երկարելով` կտորի մէջ փաթթած ծանր բան մը իջեցուց: Բացաւ կտորը եւ, ո՜վ հրաշք մեր առջեւը կը պարզուէր գերմանական «Mouser» («Մաուզեր») տեսակի պատուական ատրճանակ մը: Առաջին անգամն էր, որ մօտէն ատրճանակ կը տեսնէի: Շատախօսներուն համար ըսեմ, որ փամփուշտ չկար անոր մէջ, հայրը յատուկ պարպած էր ատրճանակը: Այսպէս, մօրը շատ սիրող եւ միշտ իր հայրիկով հպարտ էր մեր ընկերը:
Այդ օրը մեր մէջ արթնցաւ տղայական քաջութեան ոգի մը, որմէ ետք արագ մը բոլորս նստասենեակ վազեցինք:
Հիմա գիտցա՞ք, թէ ո՛վ է Կայծակը: Ամէն ինչ բաժնեկցող անձնդիր ու մարդասէր ընկերն է Կայծակը: Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» գիրքին ընկերն է ան:
Հալէպ ապրած Անդրանիկ Ծառուկեան իր գիրքը վերնագրած է «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ», իսկ մենք մեր ազնիւ, նուիրեալ ու միշտ մեզ սիրող Կայծակին հետ ապրեցանք, լեցուցինք, գեղեցկացուցինք ու գոհացուցինք Հալէպի մեր մանկութեան օրերը: Սիամանթոն գրած է` «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ», իսկ մենք Կայծակին հետ կերանք, խմեցինք ու երգեցինք, որպէսզի յաւերժ ապրի ու պիտի ապրի մեր ընկերութիւնը եւ անոր յիշատակը մեր մէջ:
Այս առիթով թոյլ տուէք, որ իմ խորին ցաւակցութիւններս եւ աղօթահայց պաղատանքներս բարձրացնեմ առ Աստուած, որ մեր բոլորին, մանաւանդ իր կնոջ` Քարոլին ու համովիկ երկու զաւակներուն, իր եղբօր` Պօղոսին եւ մանաւանդ ծնողներուն, զորս կը նկատեմ իմ ծնողներս, նաեւ բոլորիս պարգեւէ համբերութիւն եւ սուրբ հոգիով մխիթարութիւն:
Սիրելի՛ ընկերս, եղբայրս եւ մեր բոլորին հարազատը, անձնապէս իմ կանուխ տարիքիս, նորածիլ կեանքի պատկերներուն մէջ յայտնուեցար մարմնով ու տարիքով փոքր, բայց սրտով ու հոգիով մեծ ու վաղահաս, ծնած էիր մեծ, մնացիր մարդկային արժէքներուդ ու սիրոյ սկզբունքներուդ մեծութեան մէջ ու հիմա մեզմէ կը հեռանաս` որպէս գլխագիր մարդ, բարեկամ ու ընկեր:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: