Իսրայէլի կողմէ եղած գրոհումին հետեւանքով Հալէպ քաղաքի միջազգային օդակայանը մատնուած է անգործութեան։
Այս մասին լուրը կը հաղորդեն սուրիական ԶԼՄ-ներ նշելով, որ օդակայանը ենթարկուած է նիւթական մեծ վնասներու։
Arevelk.am-ի Ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցնող վեց ամսուան ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ Հալէպի օդակայանը կը փակուի (ժամանակաւորապէս) իբրեւ հետեւանքի իսրայէլեան յարձակումներուն։
Մարդկային տոյժերու մասին մինչեւ այս պահը լուրեր չեն հաղորդուիր։