Թեհրանի «Իմամ Խոմէյնի» միջազգային օդակայանի գործադիր տնօրէն Ռամին Քաշէֆ-Ազար յայտարարած է, որ օդակայանը կը շարունակէ լիարժէք գործել՝ հակառակ Իրանի օդային փոխադրումներու ոլորտի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։
Ան իրանական լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ օդակայանը կը շարունակէ սպասարկել աւելի քան 30 միջազգային ուղղութիւն։ Անոր խօսքով՝ Սեպտեմբեր 23-ին՝ պատժամիջոցներու ուժի մէջ մտնելու օրը, օդակայանին մէջ յաջողութեամբ կատարուած է 60 չուերթ։
Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտի նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 8-ին պատժամիջոցներ սահմանած է 27 օդանաւային ընկերութիւններու նկատմամբ՝ ներառելով նաեւ իրանական այն օդափոխադրողները, որոնք նախապէս պատժամիջոցներու տակ չէին գտնուեր։ Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտի նախարար Սքաթ Պեսենթ նշած է, որ օդակայաններն ու ընկերութիւնները, որոնք Իրանի կողմէ շահագործուող օդանաւերուն վառելանիւթ, վայրէջքի ծառայութիւններ կամ տոմսերու վաճառքի ծառայութիւններ կը մատուցեն, կրնան ենթարկուիլ երկրորդական պատժամիջոցներու, որոնք կրնան զանոնք կտրել Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական համակարգէն։
Օմանը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները այդ ժամանակէն ի վեր կասեցուցած են իրանական չուերթները։ Բացի այդ, Իրաքի չորս օդակայաններ եւս դադրեցուցած են թռիչքները։
Իրանական օդանաւային ընկերութիւնները կը շարունակեն չուերթներ իրականացնել դէպի շարք մը երկիրներ, ներառեալ Չինաստան եւ Ռուսիա։