image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի օդակայանը ժամանակաւորապէս դադրած է գործելէ

Հալէպի օդակայանը  ժամանակաւորապէս  դադրած է  գործելէ

Իսրայէլի կողմէ եղած գրոհումին հետեւանքով Հալէպ քաղաքի միջազգային օդակայանը մատնուած է անգործութեան։

Այս մասին լուրը կը հաղորդեն սուրիական ԶԼՄ-ներ նշելով, որ օդակայանը ենթարկուած է նիւթական մեծ վնասներու։

  Arevelk.am-ի Ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցնող վեց ամսուան ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ Հալէպի օդակայանը կը փակուի (ժամանակաւորապէս) իբրեւ հետեւանքի իսրայէլեան յարձակումներուն։

 

 Մարդկային տոյժերու մասին մինչեւ այս պահը լուրեր չեն հաղորդուիր։