image

Հալէպի մէջ. Մահացած է Ժանէթ Ամպարճեան-Վարդապետեան

  Հալէպի մէջ. Մահացած է Ժանէթ Ամպարճեան-Վարդապետեան

Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։

 

 Իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի ազնուական մայրերէն՝ Ժանէթ Ամպարճեան-Վարդապետեանը։

 

 Ան եղած է նուիրումով ապրող հայուհի եւ իր ամբողջ ներուժը բաշխած իր սիրելի չորս զաւակներուն , թոռներուն ու ծոռներուն վրայ։ 

 

 Շնորհիւ իր աննկուն կամքին, որպէս առաքինի մայր կարողացած է հաւասարակշռել ընտանիք, ազգ ու եկեղեցի երեք հիմնարար սիւներու ամբողջութիւնը եւ հաւասարաչափ կերպով նուիրուիլ բոլորին։

 Ան եղած է գիտակից հայուհի եւ կարողացած է հասկնալ ու ապրիլ ընտանիքի մեծ արժէքով, միաժամանակ հաւատալով, որ ազգը ազգ դարձնող հիմնական դրոյթը ՝ հայաշունչ ոգիով ապրող ընտանիքն է ու այդ ոգիով ալ սերնդագործած ու դաստիարակած է իր զաւակներն ու թոռները։

 

 Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Սէյրաֆի-Հալէպ:

 Այս տխուր առթիւ մեր վշտակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ յատկապէս «Արեւելք»ի բարեկամներէն, հալէպահայ նուիրեալ արուեստագէտ՝ Տիար Ճօրճ Ամպարճեանին