image

7-ամեայ տղամարդը մեթրոյի գետնանցման վերնամասէն ինկած եւ մահացած է

7-ամեայ տղամարդը մեթրոյի գետնանցման վերնամասէն ինկած եւ մահացած է

Ըստ Shamshyan.com-ի՝ օգոստոսի 12-ին, ժամը 14։55-ին, ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Շենգաւիթի բաժին տեղեկութիւն ստացած է, որ «փոլիթրավմա» ախտորոշմամբ շտապօգնութեան խումբը Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն բուժօգնութեան տեղափոխած է տղամարդ մը։

Պարզուած է, որ բուժօգնութեան տեղափոխուածը Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի, 57-ամեայ Անտրէլ Բ.-ն է, որ քանի մը ժամ ետք՝ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, գիտակցութեան չգալով, մահացած է։

Շենգաւիթի համայնքային ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ նոյն օրը՝ ժամը 14։00-ի մօտերը, տղամարդը գտնուած է Երեւանի մեթրոփոլիթէնի «Գարեգին Նժդեհ» կայարանի գետնանցքի վերնամասը, ուրկէ շուրջ 10 մեթր բարձրութենէ վար ինկած է եւ հիւանդանոցին մէջ մահացած։

Դէպքին առթիւ ոստիկանութեան Շենգաւիթի բանէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Շենգաւիթ վարչական շրջանի քննչական բաժին։